ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։

Թա­ղա­կան­նե­րը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էին ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տա­լուտ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան ըն­դա­ռաջ եւ այս կա­պակ­ցու­թեամբ խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան զու­գա­հեռ պի­տի ո­գե­կո­չուին ե­կե­ղեց­ւոյ հան­գու­ցեալ հիմ­նա­դիր­ներն ու բա­րե­րար­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ շու­տով ար­դէն կի­րակ­նօ­րեայ կա­նո­նա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ­ներն ալ պի­տի սկսին Գնա­լը կղզիի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց թա­ղա­կան­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ ու խոս­տա­ցաւ հան­դի­սա­պե­տել տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մատ­նան­շեց նաեւ, թէ Գնա­լը կղզիի ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար որ­պէս նոր հո­գե­ւոր հո­վիւ նշա­նա­կուած է Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ նո­րան­շա­նակ հո­վիւն ու թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը յղեց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։

Միւս կող­մէ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ Գան­տիլ­լիի Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը։

 

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016