ԹԱՔՍԻՄՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի ֆութ­պո­լի պա­տա­նի­նե­րու կազ­մե­րը ներ­կայ ե­ղա­նա­կը եզ­րա­փա­կե­ցին ող­ջու­նե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով։ Թաք­սի­մի մին­չեւ 11 տա­րե­կան­նե­րու ֆութ­պո­լի կազ­մը յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ այս ե­ղա­նա­կին ու­նե­ցած բո­լոր հան­դի­պում­նե­րէն ու դար­ձաւ ա­խո­յեան։

Ա­ռաջ­նու­թիւ­նը նուա­ճած կազ­մը ա­կում­բի վար­չու­թեան ջերմ գնա­հա­տան­քին ու հա­մակ­րան­քին ա­ռար­կայ դար­ձաւ։ Մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ա­նոնց նուա­ճած բա­ժա­կը տօ­նախմ­բե­լու հա­մար ի պա­տիւ փոք­րիկ­նե­րուն կազ­մա­կեր­պե­ցին ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ խրախ­ճան­քի մը մթնո­լոր­տը։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016