ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս խումբ մը աշակերտներու կողմէ ստեղծուած լուսանկարչական խմբակը վերջերս կազմակերպեց ցուցահանդէս մը։ Աշակերտներու յաջող աշխատանքներուն արդիւնքը ներկայացուեցաւ Գարակէօզեան Տան «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցին մէջ։ Ցուցահանդէսի շրջագծով ներկայացուեցան Ատենիա Քէշիշօղլուի, Քլոտիա Փափազեանի, Քլարա Եաստանկաչքոլի, Մելիսա Աւագօղլուի, Նարեկ Թովսասեանի, Նարօտ Թոմասեանի եւ Նելիա Նարօտ Էրօլի լուսանկարները։
Ցուցահանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սիւզան Ըշըք, որ կը գլխաւորէ լուսանկարչական խմբակը։ Աշակերտներն ալ հակիրճ արտայայտութիւններով ներկաներուն հետ բաժնեցին իրենց զգացումներն ու խոհերը։
Լուսանկարները վաճառուեցան ի նպաստ ԶԻՊԷՉ-ի։ Ցուցահանդէսի մասնակիցները, Սիւզան Ըշըք եւ լուսանկարչական խմբակի տղաքը իւրաքանչիւր գործին առջեւ զրուցեցին, ինչ որ իսկապէս անմոռանալի դարձուց այս հաւաքը։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին լուսանկարչական խմբակի աշակերտները, որոնց նկատմամբ յայտնեցին իրենց գնահատանքը ու մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ։
Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնն ու Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ ծաղկեկողովներով ուրախակից եղան լուսանկարչական խմբակի տղոց։