ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ART CONTACT ISTANBUL

Ենիգաբուի «Աւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ART CONTACT ISTANBUL ժամանակակից արուեստի տօնավաճառ։ Մինչեւ 4 յուլիս պիտի շարունակուի ձեռնարկը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր նկարչուհիներ՝ Իտա Գահրաման եւ Մարի Կիզելլա Քաւաք։ Այս վերջինները ART-IST ջրաներկի միութեան հովանոցին ներքեւ իրենց ստեղծագործութիւններով ընդգրկուած են ցուցահանդէսին։ Իտա Գահրաման երկու գործով, իսկ Մարի Կիզելլա Քաւաք չորս գործով կը ներկայանան գեղարուեստասէրներուն։

Բաց աստի, IMOGA ART SPACE գեղարուեստի տան հովանոցին տակ ալ այս ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանէն երեք նկարիչներու՝ Արծրուն Ապրեսեանի, Աշոտ Եանի եւ Դաւիթ Դաւիթեանի գործերը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021