ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՍՏԱՑԱԾ Է ԱՍՊԵՏ ՋՈՒՆԴԻ ԵՒ ԿՈՂԱԿՑԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ԻՒՂԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բը տե­ղե­կա­ցուց, որ նկա­րիչ Եա­վուզ Քը­լը­չէր վե­րա­նո­րո­գած է Աս­պետ Ջուն­դի իւ­ղա­ներկ գոր­ծե­րը ու վե­րա­դարձու­ցած՝ ի­րենց։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մի­ջոց մը ա­ռաջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էր, որ Աս­պետ Ջուն­դի եւ կո­ղակ­ցին շիր­մին մէջ կախուած մե­ծա­դիր իւ­ղան­կար­նե­րը եւ այլ սրբա­պատ­կեր մը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ան­հե­տա­ցած են։ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բի եւ Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի աղ­բիւր­նե­րը այդ փու­լին տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, թէ յի­շեալ գոր­ծե­րը նո­րո­գու­թեան նպա­տա­կով յանձնուած են նկա­րիչ Եա­վուզ Քը­լը­չէ­րին, իսկ այդ աշ­խա­տան­քը յա­պա­ղած է ո­րոշ չա­փով։

Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բը վեր­ջերս տե­ղե­կա­ցուց, թէ այդ գոր­ծե­րը վե­րա­դար­ձու­ցած են յետ­վե­րա­նո­րո­գու­թեան։ Աս­պետ Ջուն­դի եւ կո­ղակ­ցի պաս­տառ­նե­րը եւ միւս սրբան­կա­րը այ­լեւս ի պահ պի­տի դրուին գե­րեզ­մա­նա­տան վար­չա­կան շէն­քին մէջ, որ­պէս­զի զերծ մնան վնա­սուե­լու հե­ռան­կա­րէն։ Ար­դա­րեւ, շիր­մին մէջ ա­նոնք վնաս կը կրեն խո­նա­ւու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Այս ան­գամ թէեւ վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը ե­ղած է կա­րե­լի, սա­կայն այդ իւ­ղա­նկարն­ե­րը խոր­քին մէջ կրած են լուրջ վնաս։ Հե­տե­ւա­բար, ե­թէ ա­պա­գա­յին եւս այդ­պի­սի կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծուի, այս ան­գամ իւ­ղանկար­նե­րը կրնան անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն վնա­սուիլ։ Հե­տե­ւա­բար, գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բը ո­րո­շած է այդ լու­սանկար­նե­րը ի պահ դնել վար­չա­կան շէն­քին մէջ, որ­պէս­զի ա­պա­գա­յին զերծ ըլ­լան նման ռիս­քե­րէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015