ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ՝ արժանանալով համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Գնալը կղզիի բարձունքին այս առթիւ ապրուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ իր հայրական հոգածութեան առարկայ դարձուց Կազդուրման կայանի սաները։

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուեցաւ եւ արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի նախագահութեամբ, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Շահնուր Սրկ. Պիւյիւքայնաճեան, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի եւ Գնալըի Ներսէսեան դպրաց դասուն համատեղ կազմին կողմէ՝ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի ղեկավարութեամբ եւ Լիւսի Գահվէճիօղլուի երգեհոնահարութեամբ։

Օրուան պանգամին մէջ նորին սրբազնութիւնը Ս. Աւետարանի պատուիրաններու լոյսին տակ կանգ առաւ ծնողներու նկատմամբ յարգանքի վրայ։ Ան բացատրեց, որ ծնողներ յառաջացեալ տարիքի մէջ պէտք է վայելեն իրենց զաւակներու խնամքն ու հոգածութիւնը։ Մինչդեռ, մերօրեայ ժամանակներուն, նիւթապաշտ մտայնութեան հետեւանքով ծնողներու նկատմամբ հոգածութեան այս նուիրական արժէքը մոռացութեան կը մատնուի։ Այս երեւոյթը յարիր չէ քրիստոնէութեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ այսօր Եւրոպայի մէջ բազում եկեղեցիներ դատարկ են եւ այս պատճառով նոյնիսկ վաճառքի կը դրուին։ Ան Աստուծոյ փառք տուաւ, որ աշխարհի նման պայմաններով հանդերձ մեր համայնքը կը մնայ իր եկեղեցիներուն փարած։ Հուսկ, քարոզիչ սրբազան հայրը յորդորեց նոյն հաւատարմութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ համախումբ մնալ մեր սրբավայրերուն եւ սրբութիւններուն շուրջ, արթուն պահել հոգեւոր կեանքը ու շէն՝ ազգային եւ եկեղեցական մեր անդաստանը։

Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցան Կազդուրման կայանի հոգելոյս հիմնադիրները, սատարողները, պատասխանատուները, պաշտօնեաները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր պատարագիչ հայր սուրբը։ Ներկաներու շարքին էին Կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Կղզեաց քաղաքապետարանէն Աւետիս Հիլքաթ, համայնքային մարմիններէն ներկայացուցիչներ, բարերարներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեանի եւ գործակիցներուն կողմէ։ Տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաները ըմբոշխնեցին տոհմիկ ջերմ մթնոլորտ մը։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Սարօ Պենկլիեանի հանդիսավարութեամբ։ Աւելի վերջ արտայայտուեցան Ազնիւ Մեծատուրեան եւ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։ Կայանի սաները հանդէս եկան խմբերգներով՝ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։ Նուագակցեցան՝ Մելինէ Թեմելճի եւ Րաֆֆի Տէր-Գէորգեան։

Յայտագիրը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով, որու ընթացքին ան անդրադարձաւ մեր կրթական կեանքի առկայ հրատապ հարցերուն։ Ան ցաւով մատնանշեց, որ մեր համայնքի օրակարգին վրայ կը գտնուի վարժարան փակելու խնդիրը։ Նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ Կազդուրման կայանն ալ կը համարուի վարժարան մը։ Արդարեւ, ամրան արձակուրդի ամիսներուն կարելի է աշխատանք տանիլ կայանի սաներուն հայերէն սորվեցնելու, խօսելավարժութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Ուստի, թէեւ դասաժամերու սահմանափակում չկայ կայանի պարագային, սակայն աշակերտներու ամբողջ հաղորդակցութիւնը եթէ ըլլայ հայերէնով, ապա այս հաստատութիւնը շատ կարեւոր ձեռքբերումներ կրնայ ապահովել։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աւելի վերջ ընդգծեց, որ այսօրուան պատանիները, երիտասարդները կը համարուին մեր համայնքի ապագան։ Իր խօսքով՝ տասնամեակներէ ի վեր մեր հաստատութիւնները ղեկավարած անձերը այլեւս պէտք է փոխարինուին երիտասարդներու կողմէ։ Սերնդափոխութեան կարեւորութիւնը ընդգծելով՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, որ Պատրիարքական Աթոռն ալ կը ջանայ մթնոլորտ ստեղծել՝ որպէսզի երիտասարդութեան խնդիրները աւելի յաճախակիօրէն արծարծուին եւ կրթաթոշակներ տրամադրուին մեր համալսարանականներուն համար։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեց մեր համայնքի ընտանիքներուն՝ որպէսզի անոնք իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի մեր եկեղեցին եւ միութիւնները։ Մեր այժմու հաստատութիւնները յաջողած են ցարդ իրենց առաքելութիւնը տեւականացնել՝ շնորհիւ մեր բարերարներու զօրակցութեան։ Բայց եւ այնպէս, նորին սրբազնութիւնը տարակուսանք յայտնեց, թէ մեր այսօրուան բարերարներու յաջորդները նոյն պատրաստակամութիւնը պիտի ունենան՝ մեր հաստատութիւններուն զօրակցելու համար։ Ուստի, մեր ժողովուրդի շատ աւելի լայն շրջանակներուն պէտք է բացուիլ եւ շատ աւելի լայնախարիսխ մօտեցումով պէտք է ծրագրել մեր համայնքի եւ անոր հաստատութիւններու ապագան։ Իրականութեան մէջ, ըստ նորին սրբազնութեան, մեր համայնքի ներուժը բաւարար է բոլոր հաստատութիւններուն բաց մնալը երաշխաւորելու համար, սակայն մեր կալուածները պէտք է օգտագործուին արդիւնաւէտութեամբ եւ աւելի սերտ աջակցութեան ոգիի մը հիման վրայ պէտք է վերակազմակերպուի մեր վարչական կեանքը։ «Տա՛ Աստուած, որ ապագային չխօսինք մեր դպրոցները փակելու մասին, այլ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք կրթական խնդիրներու վրայ», ըսաւ ան։

Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ միասնական աղօթքով։

Հարկ է նշել, որ ներկայիս կայանին մէջ կը հիւրընկալուին հարիւր սաներ։ Ամրան շրջանին հերթով պիտի հիւրընկալուին տղաքը եւ ընդհանուրին մէջ կայանի երդիքին տակ արձակուրդի շրջան բոլորած տղոց թիւը պիտի հասնի երեք հարիւրի։ Տասն հսկիչներ կը զբաղին կայանի սաներով, պաշտօնէութիւնն ալ կը բաղկանայ տասն հոգիէ։ Կազդուրման կայանէն ներս 2018-ի ամառը պիտի եզրափակուի օգոստոսի 30-ին։

      

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018