ՄԻՇՏ ՍՈՒՐ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն հրատապ հարցերը, որոնք ներկայիս պոլսահայ կրթական համակարգի օրակարգը կը զբաղեցնեն։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ժողովին մասնակցեցան ատենապետները կամ ներկայացուցիչները մեր այն մատակարար մարմիններուն, որոնք կը հովանաւորեն վարժարան մը։ Նախատեսուած ձեւաչափէն դուրս, խորհրդակցութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փափաքին ընդառաջ, նիստին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։ Այս ժողովէն առաջ նախատեսուած էր Պատրիարքարանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կողմէ միայն ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, հաշուի առնելով խնդիրներու հրատապ բնոյթը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը որոշած էր նախագահել երէկուան խորհրդաժողովին եւ յարմար դատած էր նաեւ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի մասնակցութիւնը։

Ժողովի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ ներածական մը, որու լոյսին տակ ծաւալուեցան քննարկումներ եւ բազմաթիւ ատենապետներ հանդէս եկան թեր ու դէմ կարծիքներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ժողովականներու տրամադրութեան տակ դրաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պատրաստուած առաջարկ-նախագիծ մը, որ հիմնական սկզբունքներու շարադրանք մը կը համարուէր մեր կրթական կեանքի հիմնախնդիրներուն առընչութեամբ։ Առկայ նիւթական անելի լոյսին տակ՝ միշտ շեշտուեցաւ, որ շուրջ 3 հազար աշակերտութեան համար այսքան բարձր թիւով վարժարաններու ցանցի մը գոյութիւնը աւելի է։ Համայնքային վարիչները շեշտեցին նաեւ, որ մեր դպրոցները այլ բազում հասարակաց խնդիրներ ալ ունին՝ պիւտճէի բացերուն առընթեր։

Երէկուան խորհրդակցութեան լոյսին տակ Պատրիարքարանի կողմէ ալ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ ընդգծուեցան Նորին Ամենապատուութեան ելոյթի կարգ մը առանցքները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց համայնքային վարժարաններու դէմ յանդիման մնացած հարցերու մասին կատարելի քննարկումներուն ուղղութիւն մը տալու եւ լուծումներ որոնելու առաջադրութեամբ միասնական աշխատանք կատարելու կարեւորութիւնը։ Այս առումով ան ընդգծեց Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ, իր նախագահութեամբ եւ ԹՎՄ-ի ծիրէն ներս կազմելի մասնաւոր յանձնախումբի մը անհրաժեշտութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց այդ հաւանական յանձնախումբի ձեւաւորման եւ գործունէութեան տրամաբանութիւնը։ Ան յիշեցուց համայնքային վարիչներու արհեստավարժ զբաղումներու ծանրութիւնը, հետեւաբար կարեւորեց անոնց մասնակցութեամբ կազմելի ենթայանձնախումբերու գործի լծուիլը։ Այսպէս, վարժարաններու տնօրէնները պէտք է ներգրաւուին նախատեսուած աշխատանքներուն։ Առ այդ, այս ուղղութեամբ կազմուելիք տարբեր աշխատանքային խումբեր կրնան հետաքրքրուիլ վարժարաններու կրթական մակարդակով, հայերէնի եւ քրիստոնէական հաւատքի դաստիարակութեամբ, գեղարուեստով եւ մարզանքով, ինչպէս նաեւ վարժարաններու շէնքերը ֆիզիքապէս կատարելագործելու աշխատանքներով։ Այս բոլորին մէջ յատկապէս շեշտուեցան նաեւ նիւթական հարցերու ազդեցութիւնը եւ անոնց դէմ միջոցներ գտնելու ճանապարհները։

Ի շարունակութիւն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ կրթական համակարգի դիմագրաւած խնդիրներուն համայնքային կեանքին վրայ գործած ազդեցութեան։ Թէեւ, ըստ երեւոյթին, վարժարաններու հիմնական խնդիրը նիւթական ըլլալ կը թուի, բայց եւ այնպէս, գոյութիւն ունին տարաբնոյթ հարցեր. ինչպէս՝ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն, հայերէնով արտայայտուելու դժուարութիւններ եւ այլն։ Ան շեշտեց, որ վարժարաններու վերաբերեալ հարցերը նաեւ սանուց միութիւններէ, դպրաց դասերէ եւ զանազան համայնքային կառոյցներէ ներս դուռ կը բանան ժխտական երեւոյթներու։

Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ վարժարաններու մատակարար մարմիններու անդամները ներկայիս պատասխանատուներն են իրենց տնօրինութեան վստահուած վաքըֆներուն, հետեւաբար պէտք չէ խուսափին պատասխանատուութենէ եւ գործնական քայլեր պէտք է առնեն ի նպաստ մեր համայնքին։ Ակնարկելով առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ համայնքի այժմու աշխարհական վարիչները թէեւ հին են, սակայն ոչ հինցած։ Ուստի, փորձառութեան գործօնը կրնայ լուծման խթանի մը վերածուիլ կամք դրսեւորելու պարագային։

Քննարկումներու տեւողութեան համայնքային վարիչները կանգ առին արդիւնաւէտութեան հարցերու վրայ։ Ընդգծուեցաւ, որ հարցերը սահմանափակուած չեն մի միայն կարգ մը կարիքաւոր կառոյցներու համար՝ մեր ունեւոր կառոյցներէն գումարներ ճարելով։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու շեշտեց, որ տնտեսական հաւասարակշռութիւնները հետզհետէ կը բարդանան։ Գնաճը գործնականօրէն հասած է 40 տոկոսի։ Իսկ մեր համայնքային կալուածներու հասոյթները լաւագոյն պարագային 15 տոկոսով կրնան բարձրանալ։ Ճար մը պէտք է գտնել այդ տարբերութիւնը հաւասարակշռելու համար։

Որոշուեցաւ, որ դպրոց հովանաւորող մատակարար մարմիններու ատենապետները յաջորդ շաբթուընէ սկսեալ աշխատանքային ձեւաչափի մէջ մէկտեղուին՝ վճռական լուծումներ գտնելու համար կրթական կեանքի խնդիրներուն։  

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021