ՀԵՌԱՏԵՍ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համայնքային շրջանակներէն ներս վառ հետաքրքրութիւնը կը շարունակուի Պէյքոզի նիւթին նկատմամբ։ Թաղի երբեմնի գերեզմանատան ազգապատկան տարածքի ապասեփականացման փոխարէն պետութենէն ակնկալւած հատուցման գումարին առաջին բաժինը արդէն Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դրամատան հաշիւին վրայ է. շուրջ 20 միլիոն 620 հազար թրքական լիրա։ Այս գումարի նպատակասլաց արժեւորման խնդիրը շրջանէ մը ի վեր հրատապ օրակարգ դարձած է համայնքէն ներս։ Հետեւաբար, համապատասխան իրադարձութիւնները կը գտնուին համայնքի ուշադրութեան կիզակէտին։

Կը տեղեկանանք, որ երէկ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ անոր յարակից նորաստեղծ խորհրդատու յանձնախումբի ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Խորհրդակցութեան ընթացքին միաձայնութեամբ որոշուած է, որ խորհրդատու յանձնախումբը գլխաւորէ հարկային նիւթերու մասնագէտ Արեգ Ֆերահեան։ Բանբերի պաշտօնը յանձնուած է՝ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) դիւանի ատենադպիր եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըի։ Աշխատանքները առողջ ու համակարգուած ձեւով յառաջ տանելու տեսակէտէ անհրաժեշտ նկատուած է քարտուղարութեան ձեւաւորուիլը։

Այս առաւօտ յանձնախումբին բանբերը՝ Յարութիւն Շանլը մեզի հետ կապ հաստատեց եւ փոխանցեց երէկուան խորհրդակցութեան լոյսին տակ պատրաստուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը, որ թէեւ կարճ է, սակայն կը բովանդակէ կարեւոր տեղեկութիւններ։ Հրապարակուած հաղորդագրութեան լոյսին տակ կարելի է ունենալ այն տպաւորութիւնը, որ հեռատես մեկնարկ մը կատարուած է այս գործին համար։

Ծանօթ է, որ նախորդ շաբաթ Պատրիարքարանի մէջ մասնաւոր հաւաքոյթով մը այս խորհրդատու յանձնախումբին կազմը ներկայացուած էր մեր մամուլին։ Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին Յարութիւն Շանլը տեղեկացուցած էր, որ հրատապ ձեւով ժամադրութիւն պահանջուած է փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուէն։ Այս առաւօտ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութենէն հասկնալի կը դառնայ, որ իրաւաբանին հետ այդ տեսակցութիւնները արդէն տեղի ունեցած են։ Վերջին շաբթուան տեւողութեան երկու հանդիպումներ կազմակերպուած են Էլպէյօղլուի հետ։ Ծաւալուած քննարկումները անցած են փոխադարձ ըմբռնման մթնոլորտի մէջ։ Այսպէս, Ալի Էլպէյօղլու համաձայն գտնուած է, որպէսզի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանէն ապագային հասնելիք հատուցման ժամանակ զեղչէ իր մասնավճարը։ Ան պայմանագրով իրեն համար նախատեսուած 14 տոկոս մասնավճարը իր յօժար կամքով իջեցուցած է 8 տոկոսի ու այս նոր պայմաններով կնքուած է նոր պայմանագիր մը։ Այսպէսով, երկու տարբեր պետական մարմիններէ փոխանցուած հատուցումներուն համար փաստաբանական մասնավճարի ընդհանուր համեմատութիւնը իջած պիտի ըլլայ 11 տոկոսի։ Թաղային խորհուրդին, խորհրդատու յանձնախումբին եւ փաստաբանին միջեւ յառաջ տարուած այս շինիչ աշխատանքին շնորհիւ՝ համայնքին տեսակէտէ ապահովուած են անանտեսելի ձեռքբերումներ։ Փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու այս գործարքին վերաբերեալ պաշտօնական բոլոր փաստաթուղթերն ու ստացականները յանձնած է Պէյքոզի թաղային խորհուրդին։

Բաց աստի, համայնքային մամուլին ներկայացուած հաղորդագրութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի ուրիշ կարեւոր նիւթի մը։ Այսպէս, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուի միջեւ կնքուած՝ 2 Փետրուար 2017 թուակիր պայմանագիրն ալ ջնջուած է փոխադարձ ըմբռնումով։ Պայմանագրի յետսկոչման վերաբերեալ պաշտօնական փաստաթուղթ մը ձեւակերպուած է՝ համապատասխան ձեւակերպումներով։ Ծանօթ է, որ այժմ արդէն ջնջուած այդ համաձայնութիւնը կը վերաբերէր հատուցումը կատարուած բաժնէն դուրս մնացած տարածքին՝ այնտեղ ապագայ հաւանական շինարարութեան մը պարագային։ Հետագայ այդ հաւանական գործարքներուն համար այժմէն կնքուած համաձայնութիւնը ջնջուած է՝ որպէսզի Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը չպարտաւորուի նոր դժուարութիւններ դիմագրաւելու ապագային։

Պատրիարքարանի երէկուան ժողովին ընթացքին Պէյքոզի նիւթին վերաբերեալ այլ խնդիրներու շուրջ ալ տեղի ունեցած են կարծիքի փոխանակումներ եւ այսպէսով աշխատանքը հասած է իր աւարտին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017