ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի շրջանաւարտներու խումբը՝ առաջնորդութեամբ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրի եւ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութեամբ ողջունեց շրջանաւարտ աշակերտները եւ մի առ մի գնահատեց իրենց ձեռք բերած յաջողութիւնը համալսարաններու մտից քննութեան մէջ։ Պատրիարք Հայրը յատկապէս անդրադարձաւ, թէ ինք եւս Սահակեան վարժարանի մէջ կրօնագիտութեան դասատուի պաշտօնը ստանցնած էր եւ շրջանաւարտ աշակերտաց խումբը եւս իր աշակերտները եղած էին։ Այս առումով իրենց յաջողութիւնը առաւել եւս մեծ ուրախութիւն պատճառած էր իր մօտ։ Պատրիարք Հայրը աշակերտներէն կարգաւ լսեց իրենց ապագայի մասին մտածումները։ Շրջանաւարտներէն Թալիա Քարաճան եւ Թալիա Թուանա Տաղը շահած են արտասահմանի մէջ ուսանելու հնարաւորութիւնը։ Թալիա Քարաճան իր ուսումը պիտի շարունակէ Ֆրանսայի Սորպոն համալսարանին, իսկ Թալիա Թուանա Տաղը՝ Երեւանի Բժշկական համալսարանին մէջ։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով գնահատեց բոլոր շրջանաւարտներու զարգացման մէջ ներդրում ունեցող կրթական մշակներն ու ընտանիքները։ Այս առիթով օրհնեց ներկաները եւ մաղթեց, որ անոնք ապագային որպէս զարգացած երիտասարդներ իրենց ներդրումը բերեն համայնքային կեանքէն ներս։ Մեր Հոգեւոր Պետը ներկաներուն յանձնեց յուշանուէրներ ու փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր հայրական ջերմ վերաբերմունքին համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020