Տ. ԳԱՍՊԱՐ ԱԲԵՂԱՅ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ անդամները՝ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան վերջին օրերուն իրենց անդրանիկ սուրբ պատարագները մատուցին՝ աւարտած ըլլալով ձեռնադրութեան յաջորդած ապաշխարութեան շրջանը։ Երկու արարողութիւններուն ալ նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի անդրանիկ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Մեր հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներ մասնակցեցան արարողութեան, որու ընթացքին երգեցողութիւնները առաջնորդեց Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ նշեց, որ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր օծեալ սպասաւոր կը համարուի Քրիստոսի սպասաւորը։ Ուստի, ան պէտք է առաջնորդէ ժողովուրդը եւ ճանապարհ պատրաստէ, որպէսզի ան միանայ Քրիստոսին։ Այս առումով մեծ ու պատասխանատու է հոգեւորականի պարտականութիւնը։ «Պէտք է գործդ եւ խօսքդ իրարու համապատասխանեն։ Այս առումով թէ՛ քրիստոնէական արժէքները այլոց փոխանցէ եւ թէ՛ դուն անոնցմով զարգացիր հոգեպէս ու մտովի», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ նորաօծ հայր սուրբի պսակադրութեան ծառայած եւ ներդրում ունեցած բոլոր հանգուցեալներուն համար։

Հուսկ, նորաօծ հայր սուրբի շուրջառը տարածուեցաւ հաւատացեալներուն վրայ եւ ան բժշկութեան աղօթք արտասանեց։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից «Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք»ի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ գլխաւորութեամբ նոյնպէս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր սեղանակիցները։ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան այս փուլին հանդէս եկաւ Նորին Ամենապատուութեան ուղղեալ երախտագիտութեան խօսքով մը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ անգամ մը եւս Աստուծոյ առաջնորդութեամբ բարի երթ մաղթեց հայր սուրբին՝ հոգեւոր կեանքի ընթացքին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022