ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Պոլսահայ հաւատացեալները երէկ ջերմ մասնակցութիւն բերին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնի վերաբերման հանդիսաւոր արարողութեան։ Գումգաբուի մէջ ստեղծուեցաւ հոգեւոր մեծ ցնծութիւն մը, որ ալիք-ալիք տարածուեցաւ հաւատացեալներուն մօտ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ գլխաւորեց «Հրաշափառ»ի թափօրը, աւանդական ջրօրհնէքի արարողութենէն վերջ խօսեցաւ քարոզ մը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն մեր համայնքին փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութիւններն ու ջերմ ողջոյնները։ Բոլորը խոր յուզումով լսեցին նաեւ «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականին երգեցողութիւնը։
Հաւատացեալներուն առընթեր համայնքային բազմաթիւ վարիչներ եւս ներկայ էին արարողութեան եւ հետեւեցան Ընդհանուր Փոխանորդի քարոզին։ Սրբալոյս Միւռոնին մասին տեղեկութիւններ տալէ վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յիշեցուց, թէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երրորդ անգամ Միւռոնօրհնութիւն կատարած է իր գահակալութեան շրջանին։ Այդ արարողութիւններէն առաջինին յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցած էր Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը, երկրորդին՝ հոգելոյս Տ. Շահան Արք. Սվաճեանը, իսկ այս վերջնոյն մասնակցելու պատիւը վիճակած էր իրեն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց, որ այս տարի կատարուած արարողութիւնը իսկապէս կը տարբերէր նախորդներէն՝ մասնակից ուխտաւորներու հոծ քանակութեան առումով։ Ան յիշեցուց Սրբալոյս Միւռոնի կարեւորութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակէտէ, որովհետեւ կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգին։ Նորին Սրբազնութիւնը թելադրեց հաւատարիմ մնալ Սրբալոյս Միւռոնի միջոցաւ փոխանցուած շնորհներուն։
Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները փոխանցելու առընթեր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, թէ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձած է պոլսահայոց եկեղեցասիրութեան, աւանդապահութեան ու խոր հաւատքին։ Վեհափառ Հայրապետը մաղթած է, որ մեր համայնքը մնայ նոյն պատնէշին վրայ ու շարունակէ ապաւինիլ Աստուծոյ։
Ջրօրհնէքէն եւ քարոզէն վերջ Ընդհանուր Փոխանորդը արտասանեց Պահպանիչ աղօթքը եւ այս կարճ ժամասացութիւնը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով։
Արարողութենէն վերջ ներկայ ուխտաւորները երկիւղածութեամբ եւ հոգեւոր շնորհներու մէջ առատանալու հաւատքով ու յոյսով մօտեցան Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրին։ Մինչ այդ, կազմուած թափօրը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի խորհրդարան։ Թափօրի սկիզբին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան կը կրէր նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով լի սրուակը, որ ծածկուած էր շղարշով մը։ Հաւատացեալները իրենց խոնարհումը բերին նաեւ նորաօծ Սրբալոյս Միւռոնի սրուակին առջեւ։
«Հրաշափառ»ի արարողութիւնը առիթ հանդիսացաւ նաեւ, որպէսզի Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւոր հայրերն ու քահանայից դասը բարի վերադարձ մաղթելով ողջունեն Սրբալոյս Միւռոնի օհնութեան արարողութեան մասնակցելէ վերջ քաղաքս վերադարձած Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը։
Այս յատկանշական օրուան առթիւ Մայր եկեղեցւոյ աւագ խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ նաեւ նկարահանում։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024