ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍՎԱՃԵԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ՝ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ Ե. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցաւ երանաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սվաճեան։

Արարողութեանց հանդիսապետեց ու Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որու կողքին էր թաղին երէցը՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ հայր սուրբը քարոզեց եւ անդրադարձաւ Վարագայ Ս. Խաչի խորհուրդին։ Ան յիշեցուց, թէ Հայ Եկեղեցին իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն մէջ միշտ զգացած է Ս. Խաչի զօրութիւնը։ Հայադրոշմ այս Խաչի տօնը, կարեւոր յիշեցում մըն է հայոց, որոնց մէջէն աղօթքի մարդիկ աղաղակած էին Աստուծոյ իրենց նեղութեան օրերուն եւ առ ի պատասխան աստուածային հրաշքով երեւցած էր խաչափայտի մասունքը Վարագ լերան վրայ։ Հայր սուրբը յիշեցուց, թէ ներկայ դարու մեծագոյն դժուարութիւնն է ահա, այդ Խաչը բարձր պահել աշխարհի փոթորիկներուն դիմաց, բայց ըստ Քրիստոսի խոստումին, յաջողութեան պտուղը պիտի ըլլայ օրհնութիւն, նոյն խաչի ներկայութեամբ։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան քարոզի աւարտին յիշեցուց նաեւ, թէ եկեղեցական կեանքի ամենէն սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Շահան Սրբազանի վախճանման հինգերորդ տարին կը լրանար։ Սրբազան հօր ամենէն հարազատ եկեղեցիներէն մին էր Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին, որուն մէջ տակաւին կը յիշատակուին իր խօսքերը, հայրական խրատներն ու պատգամները։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գլխաւորութեամբ՝ Հայ Եկեղեցւոյ, պոլսահայ եկեղեցական իրականութեան եւ ի մասնաւորի գատըգիւղցիներու համար բախտ էր նման հոգեւորականի մը ներկայութիւնը վայելել ու անոր խօսքերուն ընդմէջէն ճանչնալ զՔրիստոս։ Հայր սուրբը երախտիքով յիշեց սրբազան հայրը ու խոնարհեցաւ անոր բազմամեայ եկեղեցական ծառայութեան առջեւ։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ներկաներ յիշատակեցին Շահան սրբազանը։

Կիրակնօրեայ արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, նաեւ սրբազան հօր յիշատակը յարգող հաւատացեալներ։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018