ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան ընդառաջ խմբագրատունս փութացին՝ բացատրութիւններ տալու համար թաղի ընդհանուր կացութեան, մասնաւորապէս Պէզճեան Մայր վարժարանի շուրջ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին թաղականները մատնանշեցին, որ Գումգաբուի ընտանիքը չափազանց համեստ պայմաններով կը ջանայ կայուն հունի մը մէջ պահել Պէզճեան Մայր վարժարանի գործունէութիւնը։ Գումգաբուն մեր համայնքէն ներս ունի կեդրոնական դիրք մը։ Թէ՛ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին եւ թէ Պէզճեան Մայր վարժարանը մեր համայնքի զարկերակի, կենսունակութեան ապացոյցները կը համարուին։ Այս բոլորով հանդերձ, Գումգաբուի ընտանիքը այդ կառոյցներու առաքելութիւնը յառաջ կը տանի մեծ զոհողութիւններով, որովհետեւ թաղի հասոյթները իսկապէս շատ սահմանափակ են։

Զրոյցի ընթացքին թաղականները բացատրեցին, որ Պէզճեան Մայր վարժարանի պիւտճէն հաւասարակշռելու համար այս տարի եւս կ՚ապաւինին մեր համայնքի զօրակցութեան։ Գումգաբուի ընտանիքը միշտ առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ արժեւորած է մեր համայնքին կողմէ իրեն յատկացուած միջոցները եւ նոյն ոգիով կ՚ակնկալէ, որ այս շաբաթավերջին ալ հերթական անգամ համայնքային շրջանակները զօրակցութեան առարկայ դարձնեն Պէզճեան Մայր վարժարանը։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018