ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊՈՒԼԿԱՐԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պուլկարիոյ Շումէն քաղաքէն Պոլիս փութացած ուխտաւորներու խումբ մը։ Թէ՛ պուլկար եւ թէ պուլկարահայ ուխտաւորներէ բաղկացեալ այս խումբը դէպի Իսթանպուլ ուղեւորութեան օրերուն փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան։ Անոնք ուրախութիւն յայտնեցին սոյն այցելութեան կապակցութեամբ։ Տեղեկութիւններ քաղեցին Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ համայնքային կեանքին շուրջ։ Ուխտաւորները շնորհակալութիւն յայտնեցին նորին սրբազնութեան կողմէ ցուցաբերուած հայրական վերաբերմունքին համար։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գոհունակութիւն յայտնեց ուխտաւորներու այցելութեան համար՝ զանոնք ողջունելով ջերմօրէն։ Նորին սրբազնութիւնը ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան ու գործունէութեան շուրջ, նաեւ պատասխանեց ուխտաւորներու հարցումներուն։ Զրոյցի աւարտին ան իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց Շումէնէն եկած հիւրերուն։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018