ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
Իսթանպուլի Ասիական ափի համայնքային հաստատութիւնները այս շրջանին զօրակցութեան շարժումի մը ձեռնարկած են՝ ի նպաստ Գալֆաեան տան։ Հոկտեմբերի 27-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ այս շարժումը պիտի ջանայ լայն աջակցութիւն ապահովել դպրոցին համար։ Արդարեւ, այս դպրոցը վերջին տարիներուն շատ լուրջ նիւթական խնդիրներ կը դիմագրաւէ եւ իր պիւտճէի բացը արդէն հետզհետէ անկառավարելի համեմատութիւններու հասնելու վտանգաւոր հաւանականութեան ազդանշանները կու տայ։ Անցեալ տարի նոյնիսկ համայնքային շրջանակներէն ներս լսումներ շրջանառութեան մէջ մտած էին, թէ դպրոցի առաքելութիւնը ընդհատուելու վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Իսթանպուլի Ասիական ափի համայնքային հաստատութիւններու՝ մասնաւորապէս, անշուշտ, եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները հաւաքոյթի մը մասնակցած են Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին որոշուած է Գալֆաեան տան համար ստեղծել մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճուի։ Նորաստեղծ կարգադիր յանձնախումբը կը նախատեսէ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալել եւ համայնքային շրջանակներէն ներս ընդհանուր զօրակոչ մը ապահովել, որպէսզի 158 տարուան այս դպրոցին գոյութիւնը դարձեալ երաշխաւորուի եւ կրթական գործունէութիւնը կայուն հունի մէջ շարունակուի։
Յանձնախումբի ստեղծման առթիւ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ մատնանշուած է, որ համայնքային շրջանակներուն կոչ կ՚ուղղուի՝ զօրակից ըլլալ Գալֆաեանին։