Տ. ՇԻՐՎԱՆ ՔՀՆՅ. ՄԻՒՐԶԵԱՆ ՍԿՍԱՒ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ սկսան հոգեւոր դասեր։ Միջոց մը առաջ դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները Պատրիարքարան այցելելով խնդրանք ներկայացուցած էին տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ որպէսզի քահանայ մը աշակերտներուն համար հոգեւոր գիտելիքներ դասաւանդէ։ Այս խնդրանքի հիման վրայ Պատրիարքարանի կողմէ կատարուեցաւ անհրաժեշտ տնօրինութիւնը եւ «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ դասաւանդել սկսաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Կը հաղորդուի, որ դպրոցի փոքրիկները հետաքրքրութեամբ կը հետեւին կրօնի դասերուն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017