ԶՕՐԱԿՈՉԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Այս շաբաթավերջին մատաղօրհնութեան հերթը եկած է Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը այս օրերուն կը բնորոշէ համայնքային շրջանակներու օրակարգը։ Թաղային խորհուրդը շարժման անցած է՝ հերթական անգամ առաւելագոյն զօրակցութիւնը ապահովելու համար ի նպաստ դպրոցին։ Ընդհանուր առմամբ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը զօրակոչի մը մէջ է՝ հաշուի առնելով, որ մեր ամենահայահոծ թաղի այս վարժարանը ծով կարիքներ ունի, որովհետեւ մշտական հասոյթի աղբիւրներէ զուրկ է։

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագարատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Մանուկ Էօղէր, Ազնիւ Մեծատուրեան, Նուրհան Փալաքօղլու եւ Քորայ Աշճը։ Զրոյցի ընթացքին անոնք շեշտը դրին համայնքէն ներս զօրակցութեան ոգիի տկարացումով յառաջացած մարտահրաւէրներուն վրայ։ Արդարեւ, Ֆէրիգիւղի տեսակէտէ այդ զօրակցութիւնը շատ կենսական է։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի տրամադրութիւններն ու նպատակները որքան որ ալ դրական ըլլան, մեր միւս հաստատութիւններու հետ համախոհութեան պակասը կը խոչընդոտէ անոնց կեանքի կոչուիլը։

Ատենապետ Մանուկ Էօղէր ցաւով արձանագրեց, որ համայնքապատկան կալուածներու հասոյթներու յաւելումէն վերջ, դժբախտաբար, ընդհանուր զօրակցութիւնը, իրերօգնութիւնը տկարացած է։ Մեր բարերարները այլեւս միայն երէց սերունդէ անձնաւորութիւններ են, նոր սերունդը չէ ժառանգած այդ պատրաստակամ ոգին։ Մոռցուած է, որ դրամը միայն միջոց մըն է՝ մեր դարաւոր հաստատութիւններու լինելութեան նպատակը կեանքի կոչելու ճանապարհին։ Իր խօսքով՝ ցաւալի մթնոլորտ մը կը տիրէ համայնքէն ներս ու մեր ունեւոր հաստատութիւնները ինքնապարփակման ճանապարհը բռնած են՝ կարծես, թէ մեր դարաւոր հաստատութիւնները այլեւս պիտի վերանան։ Մինչդեռ անոնք պատմութեան հոլովոյթին մէջ վերապրած են ինչ-ինչ փորձութիւններ յաղթահարելով։

Մանուկ Էօղէր բացատրեց, որ արդիւնաւէտ ու լաւ պատրաստուած մարդ հասցնելու ճիգին մէջ է Ֆէրիգիւղի ընտանիքը, սակայն, չափազանց դժուարութիւններ կ՚ապրի նիւթական խնդիրներու հետեւանքով։ Արդարեւ, Մէրամէթճեան վարժարանի ներուժը կ՚ուղղուի դէպի մեր այն դպրոցները, որոնք անվճար աշակերտ կ՚ընդունին։ «Մինչդեռ, մենք տարօրինակ չենք համարեր ծնողէ մը՝ իր հարազատ զաւկի կրթութեան ու դաստիարակութեան համար ներդրում մը, զոհողութիւն պահանջելը։ Սա բնական երեւոյթ մըն է», ըսաւ Մանուկ Էօղէր եւ աւելցուց, որ այսօր բոլորը կ՚առաջնորդուի սեփական ճշմարտութեամբ, սակայն այժմու ընթացքը երկարաժամկէտ չի կրնար ըլլալ։ Ան այժմու ընթացքի վերափոխման տեսակէտէ անհրաժեշտ նկատեց առկախեալ ընտրութիւններու հնարաւորինս արագ կատարուիլը, որպէսզի նոր մտայնութիւնով մը մեր հաստատութիւնները կարողանան շատ աւելի ներարական դառնալ ձգողական ըլլալ նոր սերունդին համար։

Քորայ Աշճը նշեց, որ անցեալ տարի համավարակի պայմաններուն հետեւանքով պետութիւնը մասնակից դարձած էր վարժարաններու ընթացիկ ծախսերուն։ Գործնականօրէն անցեալ տարուայ մեծագոյն բարերարը եղած էր պետութիւնը։ Ըստ իրեն, այս տարի Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պիւտճէն 4.5 միլիոն լիրայի կը հասնի եւ բացը 2 միլիոն 450 հազար լիրա է։ Պիւտճէի 83 տոկոսը կը ծախսուի աշխատավարձերու եւ պաշտօնէութեան յաւելեալ պարտադիր վճարներուն վրայ։ Ան ահազանգ հնչեցուց, որ նոյնիսկ մօտաւոր անցեալին, երբ պիւտճէի գումարները աւելի նուազ էին, այսպիսի համեմատութիւն մը գոյութիւն չունէր։ Սա կը նշանակէ, որ կրթութեան որակը բարձրացնելու համար որեւէ միջոց յատկացնել հնարաւոր չէ եւ ներկայ պայմաններով կարելի է պարզապէս միայն օրը փրկել։ Քորայ Աշճը դիտել տուաւ, որ մեր համայնքը որակեալ մարդուժի պատրաստութեան համար ունի անհրաժեշտ պաշարները, սակայն, զօրակցութեան պակասը կը խոչընդոտէ ամէն ինչ։

Նուրհան Փալաքօղլու նշեց, որ վերջին տարիներուն Ֆէրիգիւղի վարժարանի աշակերտութեան թիւը կայուն է։ Ներկայ պայմաններով դպրոցի շէնքը կրնայ առաւելագոյնս 240 աշակերտ ընդունիլ եւ ներկայիս այս հայահոծ թաղէն ներս այդ շեմին հասնիլ կարելի չ՚ըլլար։ Արդարեւ, Մէրամէթճեան վարժարանը անարդար մրցակցութեան մէջ է մերձակայ ուրիշ վարժարաններու հետ, որոնք ունեւոր վաքըֆներու հովանաւորութիւնը կը վայելեն։ Այդ անարդար մրցակցութիւնը կ՚ունենայ հետեւանքներ, որոնք Մէրամէթճեան վարժարանէ ներս ջամբուած ուսման մակարդակէն չեն ծնիր, որովհետեւ դպրոցի շրջանաւարտները յաջողութեամբ հանդէս կու գան իրենց կրթական կեանքի շարունակուող փուլերուն։ Մեր աշակերտութեան այժմու թիւը եւ ոչ-համայնքային դպրոցներ յաճախողներով պայմանաւորուած հաւանականութիւնը, ներուժը յայտնի կը դարձնեն, որ հրատապ կարիք մը գոյութիւն չունի դպրոց փակելու համար։ Պէտք է բարելաւուին մեր դպրոցներու ֆիզիքական պայմանները։ Նուրհան Փալաքօղլու կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ պէտք է անպայման ներդրում կատարուի՝ նոր սերունդէ կրթական մշակներու կատարելագործման, մասնագիտական վերապատրաստութեան համար։ Արդարեւ, անոնք յատուկ ծրագիրներու գործադրութիւնով պէտք է ընտելանան համայնքային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարութեան։ Մեր կրթական մշակները պէտք է լաւ վարձատրուին, որպէսզի կարողանան կեդրոնանալ իրենց գործին վրայ։ Փալաքօղլու շատ յատկանշական համարեց, որ այսօր մեր կրթական համակարգէն ներս գրեթէ չկայ արական սեռէ ուսուցիչ, որովհետեւ կրթական մշակներու վարձատրութիւնը բաւարար չէ ընտանիք պահելու համար։

Իր կարգին, Ազնիւ Մեծատուրեանն ալ շեշտը դրաւ ուրիշ խնդրի մը վրայ, որ յատկապէս ծանր նշանակութիւն ունի Ֆէրիգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ։ Այսպէս, համավարակի հետեւանքով փակ տարածքներէ ներս կազմակերպուած ձեռնարկները, հաւաքոյթները գրեթէ դադրած են եւ այս խնդիրը լրջօրէն կը խախտէ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի հաւասարակշռութիւնները։ Արդարեւ, թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ համալիրի սրահներէն ունէր հասոյթ մը, որ եւս կը փոխանցուէր դպրոցին, իսկ ներկայիս այդ պատուհանն ալ փակուած է դժբախտաբար։

Այս բոլորի լոյսին տակ, թաղականները դիտել տուին, որ հերթական անգամ կ՚ապաւինին համայնքի զօրակցութեան՝ միշտ յուսալով, թէ կայունութիւնը պիտի չխաթարուի եւ վերջին հաշուով անհրաժեշտը պիտի կատարուի՝ յարատեւութիւնը ապահովելու համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021