ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Այսպէսով հայ մշակոյթին ձօնուած հոկտեմբեր ամիսը եզրափակուեցաւ՝ Թարգմանչաց տօնի եւ Թարգմանչաց շարժման արժեւորումով։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Գարէն Աթաքլիկանի եւ Քարլա Գամառի։ Մխիթարեանցի սաները զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Անոնք յայտագրի գործադրութեան ժամանակ հնչեցուցին իրենց պատգամը մայրենիի յարատեւութեան համար։

Հանդէսին հետեւեցան Մխիթարեանի ընտանիքին վարչայինները, ուսուցչաց կազմը եւ ծնողներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022