ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Կոպէլեանի կողմէ հեղինակուած «Kızgın Buhardaki Koza» գիրքին շնորհանդէսը։ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է այս գործը։ Գրող, հրատարակիչ եւ խմբագիր Յակոբ Կոպէլեան, որ մօտաւոր անցեալին Կեդրոնական վարժարանի մէջ հայերէնի ուսուցիչ ալ եղած է, իր հեղինակած գործին շուրջ ներկայ գրասէրներուն հետ ունեցաւ անմիջական զրոյց մը։
Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Կեդրոնական սանուց միւթեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան։ Ապա հեղինակին հետ կենդանի զրոյց մը վարեց միութեան վարչայիններէն Տայք Միսիսեան։ Յակոբ Կոպէլեան ելոյթի ընթացքին բացատրեց՝ գիրքի մտայղացումը, խմորման փուլերը եւ ի վերջոյ հրատարակութեան ոդիսականը։ Ան պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։
Հուսկ, մինչ հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը, միութեան վարչութեան անունով Կարօտ Արծիւեանն ալ իրեն յանձնեց յուշանուէր մը։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս հեղինակի եւ ներկաներուն միջեւ շարունակուեցաւ ջերմ զրոյցը։