ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ե­րէկ, Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը՝ ի նպաստ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի։ Հա­մա­նուն սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր դպրո­ցի Ծնո­ղաց միու­թեան եւ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։ Ցե­րե­կոյ­թը սկսաւ յա­նուն կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն Ռըն­տէ­խան Էօք­սիւ­նի կող­մէ ար­տա­սա­նուած ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ա­ւե­լի վերջ ճա­շա­սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բուած կա­նայք հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ Հա­քան Է­սէ­րի եւ ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուած ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րով։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ հա­մախմ­բուած հա­մա­կիր տի­կին­նե­րը Պէզ­ճեան սրա­հէն հրա­ժեշտ ա­ռին գո­հու­նակ տպա­ւո­րու­թեամբ։ Հա­ւա­քոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը. Ռըն­տէ­խան Էօք­սիւն (ա­տե­նա­պե­տու­հի), Հիւ­լիա Շարք­լը, Մա­րիա Նա­լեան, Կիւ­լէր Տո­լաշ, Այ­կիւլ Եըլ­տը­րըմ, Ա­նոյշ Շի­րին եւ Թա­լին Եը­լան­ճըօղ­լու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015