ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՄԵԾ ՅՈՅՍԵՐ ԴՐԱԾ Է ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ՎՐԱՅ
Թոփգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ, այս Կիրակի Գումգաբուի մէջ պիտի սարքուի Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Այս տարի եւս Թոփգաբուի ընտանիքը մեծ յոյսեր դրած է տարեկան սիրոյ սեղանին վրայ, որու արդիւնքը ճակատագրական նշանակութիւն ունի թաղի վարժարանի պիւտճէն հաւասարակշռելու եւ անոր երթը կայուն պահելու ճանապարհին վրայ։ Երկար տարիներէ ի վեր Թոփգաբուի ընտանիքին հիմնական ապաւէնը կը հանդիսանայ մեր համայնքի նուիրատու ոգին ու զօրակցութիւնը՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի դռները բաց պահելու համար՝ մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերու զաւակներուն համար։ Այս հանգամանքը եզակի բնոյթ մը կը վերագրէ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին, որ կը գոյատեւէ հակառակ լուրջ դժուարութիւններու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Չաքանը, որուն կ՚ընկերանային ժրաջան անդամուհիներէն Նուարդ Պարըն, Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլու եւ Ռաքէլ Եաշկիւչլիւքալ, որոնք մեր այցելութեան փութացած էին տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ։
Թաղականները մատնանշեցին, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը ֆիզիքական պայմաններու տեսակէտէ կատարելագործուած է այս կրթական շրջանի սկիզբին։ Արդարեւ, դպրոցը օժտուած է կատարեալ մանկապարտէզով մը եւ ձմրան պարտէզով եւ զուգահեռաբար նոր մանկապարտիզպանուհի մըն ալ կոչուած է պաշտօնի։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է շնորհիւ մեր բարերարներէն Բարսեղ Սարայլըի նուիրատուութեամբ։ Մասնագիտական իմաստով ալ յուսադրիչ յաջողութիւններ արձանագրած են դպրոցի տղաքը։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի անցեալ տարուան ինն շրջանաւարտներէն երեքը յաջողած են մուտք գործել «Անատոլու» լիսէն։ Բաց աստի, տղաքը անանտեսելի յաջողութիւններ արձանագրած են նաեւ TEOG-ի քննութիւններուն շրջագծով։
Թաղականները շեշտեցին, որ Թոփգաբուի եկեղեցին ունի միայն երեք կալուած, որոնց հասոյթը, ինչպէս նաեւ մեր բարերարներէն Արէտ Երկանեանի եւ Բարսեղ Սարայլըի հսկայական նուիրատուութիւնները կը հանդիսանան դպրոցի տարեկան պիւտճէին թթխմորը։ Մնացեալ մասն ալ կը ծրագրեն ապահովել սիրոյ սեղանի ընթացքին կատարուելիք հանգանակութիւնով։
Թոփգաբուի թաղականները մատաղօրհնութեան ընդառաջ կրկնեցին իրենց կոչը համայնքային շրջանակներուն, որպէսզի մեր այս դպրոցը չանտեսուի եւ այնտեղ յաճախող տղաքը զերծ մնան խորթ զաւակ դասուելու զգացումէն, շարունակելու համար իրենց ուսումը համայնքային ջերմ միջավայրի մը մէջ։