ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Կարպիս Մոսկոֆեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Վառվառեան դպրաց դաս-երգչախումբի սիւներէն Կարպիս Մոսկոֆեանի կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէ ներս։ Ան հայրն էր Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արարողութեան ընթացքին կուռ դամբանականով մը վեր առաւ հանգուցեալի ծառայութիւնները եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ անոր բոլորած կեանքի ճանապարհին մասին։

Յաւարտ յուղարկաւորութեան հոգելոյս Կարպիս Մոսկոֆեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2019