ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՅԱՋՈՂ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Հարկ է նշել, որ երէկուան սիրոյ սեղանը թրքահայ կեանքէն ներս ընդհանուր լաւատեսութեան առիթ դարձաւ՝ քանի այս եղանակին առաջին անգամ մեր վարժարաններէն մէկուն պիւտճէի բացը գրեթէ հաւասարակշռուեցաւ։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացի շատ չնչին տոկոսը ապահովել կարելի չեղաւ, սակայն սա արդէն այն տրամաբանական սահմաններու մէջ է, որ տարուան տեւողութեան կարելի է վերջնականօրէն հաւասարակշռել։

Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Գալէնտէրի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ, Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ Կեդրոնականի հիմնադիր երջանկայիշատակ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ ի նպաստ Կեդրոնականին։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութեան, որու ներկաներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, Կաթողիկէ Հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, ինչպէս նաեւ յայտնի բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սարին Թաշհանի եւ Տայք Միսիսօղլուի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Կեդրոնականի բազմավաստակ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի սաները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Ներկաները բուռն ծափերով ողջունեցին նաեւ կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Ասլանեանը, որ Կեդրոնականի երիցագոյն սաներէն է եւ քսան տարիէ ի վեր կը գլխաւորէ դպրոցի զօրակցութեան շարժումը։

Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դրուատեց Կեդրոնականի ընտանիքը։ Ան շեշտեց, որ մեր համայնքային վարժարանները պէտք է անպայման բաց մնան, սակայն, անոնք չեն կրնար յարատեւել աշակերտներու զերօ վճարումով։ Ուստի, ծնողները պէտք է անպայման իրենց նպաստը բերեն տուեալ դպրոցին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առումով օրինակելի նկատեց Կեդրոնականի պարագան։

Ներկաները հրաժեշտ առնելէ առաջ միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024