ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆՈՒԷՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Զեքիեան Գերապայծառ, որուն կ՚ընկերանային Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տ. Աբրահամ Վրդ. Ֆըրատեան եւ Տ. Միքայէլ Վրդ. Ուչար, հերթական անգամ շնորհաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ որպէս յիշատակ անոր նուիրեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի շքանշանը։

Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան զանազան հարցերու շուրջ։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ իրեն յանձնուած նուէրին համար՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը կը նկատէ եղբայրութեան նշան։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020