ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկասը, որ փափաքած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար եւ գնահատեց Վինկասի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Ան մաղթեց, որ Պատրիարքական ընտրութենէ յետոյ ծնունդ առած դրական մթնոլորտով հայ համայնքը առաւել եւս յաջողութեամբ շարունակէ իր պատմական ճանապարհը եւ այս մէկը նպաստէ Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութեանց։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020