«ԲԱՐԵԿԱՄ» ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կը տեղեկանանք, որ «Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խմբակը վերջերս իրականացուցած է շարք մը երախտագիտական այցելութիւններ՝ տարեմուտի առթիւ։ Այսպէս, խումբի ներկայացուցիչները իրերայաջորդ այցելութիւններ տուած են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, միեւնոյն ժամանակ, այս խմբակի հովանաւորներէն է։ «Բարեկամ» խմբակի գործունէութիւնը վերջին շրջանին համայնքէն ներս ուշադրութեան կ՚արժանանայ՝ մասնաւորապէս երիտասարդներու ուղղեալ կրթական ծրագրերով։ Մասնաւորապէս համայնքային վարժարաններու հարթութեան վրայ յառաջ կը տարուին այս նախագիծերը, որոնց նպատակն է արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ խրախուսել մեր նոր սերունդի զարգացումը։

Այցելութիւններու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւորապէս «Բարեկամ» խմբակը գնահատած է՝ երիտասարդներուն եւ ապագային ուղղեալ ծրագիրներու նկատմամբ զգայնութեան եւ ցուցաբերուած հետեւողականութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, այս խմբակի նախաձեռնութիւններէն կ՚օգտուին շուրջ 120 պատանիներ եւ երիտասարդներ։ Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ալ գնահատանքով արտայայտուած է «Բարեկամ» խումբի գործունէութեան մասին եւ մտադրութիւն յայտնած է, որպէսզի Պէզճեան Մայր վարժարանն ալ ընդգրկուի այդ շրջանակին մէջ։

Բացի այս երախտագիտական այցելութիւններէն, «Բարեկամ» խմբակը վերջերս տեղեկացուց, որ մեր համայնքէն Շահան Արմաղան շատ կարեւոր աջակցութիւն մը ապահոված է ծրագիրներուն համար։ Արդարեւ, արհեստագիտութիւններու ուղղեալ աշխատանքներուն մէջ կ՚օգտագործուին զանազան համակարգիչներ եւ բնականաբար համակարգչային ծրագիրներ։ Շահան Արմաղանի շնորհիւ՝ «Բարեկամ» խմբակը հնարաւորութիւն ունեցած է այդ բոլոր ծրագիրներուն համապատասխան վաւերական վկայագիրները ունենալու։

«Բարեկամ» խմբակը տարեմուտի առթիւ կոչ ուղղած է, որպէսզի համայնքային շրջանակները մօտէն հետեւին իր գործունէութեան եւ անոնք, որոնք պատրաստակամ են՝ աջակցութիւն ցուցաբերեն տարուած աշխատանքներուն։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023