Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, շաբաթավերջին Նիւ Ճըրզիի մէջ դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ «Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վանական-դպրեվանական կեանքը» նիւթին շուրջ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Արեւելեան թեմի «Գրիգոր եւ Քլարա Զօհրապ» տեղեկատուութեան կեդրոնին եւ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Երեկոյթը տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Ձեռնարկի կազմակերպիչներուն հետ համագործակցած էին նաեւ Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի պոլսահայ կազմակերպութիւններն ու Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսչութիւնը։ Ներկաներու շարքին էին առաջնորդարանի «Զօհրապ» կեդրոնի տնօրէն տքթ. Ճեսի Էրլըն, հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգեւոր հոգիւ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեան, ծխական խորհուրդէն Արա Արազ եւ Արթիւր Իփէք, Ս. Ներսէս ընծայարանէն սաներ, նաեւ շարք մը հետաքրքիրներ։
Հայր սուրբը ելոյթին մէջ շեշտեց, որ թէեւ Արմաշու դպրեվանքի գործունէութիւնն ու արդիւնքները օրուան նիւթին տեսակէտէ գագաթնային նշանակութիւն կը ներկայացնէին, սակայն, Պոլսոյ Աթոռը 20-րդ դարուն եւս ունեցած է իր հաստատութիւնները, որոնց հիմնական նպատակը եղած է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Աթոռին հովանաւորութեամբ հասցնել ժողովուրդին։ Այս ամբողջին մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մասնաւորապէս կանգ առաւ Գալֆաեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի առաքելութիւններուն վրայ՝ մանրամասնօրէն ներկայացնելով տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ անոնց գործունէութեան փուլերը։ Ան շեշտեց, որ Պոլսոյ Աթոռը անցեալի եկեղեցական աւանդութիւնները ներկայիս եւս կը ջանայ վառ պահել՝ իր կարողութիւններուն ներած չափով։
Ձեռնարկի աւարտին Ս. Ներսէս ընծայարանի դասախօսներէն Ռոպերթա Ըրվին խորհրդածութիւնով մը հանդէս եկաւ ելոյթին շուրջ։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ աղօթքով։