ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՕՐԸ ՆՇԵՑ ՆԱԵՒ ԹԱՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ Դ. ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, եկեղեցւոյ Վարդանանց դպրաց դասու հիմնադրութեան եւ երգչախումբի կազմաւորման կրկնակ տարեդարձներն ալ նշուեցան Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ։

Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Սիպիլ Արսէնեանի ղեկավարութեամբ եւ Լիւսի Գահվէճիօղլուի երգեհոնահարութեամբ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան պատգամին մէջ անդրադարձաւ կեանքի եւ երջանկութեան գաղափարներուն, որոնք միշտ որոնուած են մարդ արարածին կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ Մեծ պահքի շրջանը կը սկսի՝ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ ապաշխարութեան այս շրջանին մարդ պէտք է վերստին քննէ երջանկութեան ճանապարհը։ «Երջանկութիւնը Աստուծոյ միւս անունն է։ Մարդ առաւելագոյն երջանկութիւնը ունէր Եդեմի պարտէզին մէջ, ուր կը քալէր Տէր Աստուծոյ հետ», ըսաւ ան։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադիրներուն, հոգելոյս նախագահներուն, դպրապետներուն, երաժշտապետներուն, վարիչներուն, անդամներուն եւ բարերարներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ։ Հաւաքոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ առկայ սուգի մթնոլորտին յարիր ձեւով։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2023