Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄԱՍԻՆ

Յոյն Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի փառաւոր անուններէն է Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը, ծնած՝ 347-ին Անտիոք եւ վախճանած՝ 407-ին Եւդոկիա քաղաքի մօտ, Կոմանա։ Երբեմնի Եւդոկիոյ առաջնորդական վիճակի հոգեւոր սահմաններուն մէջ կը գտնուէր Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան վանքը։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռ բարձրացաւ 398-ին եւ գահակալեց մինչեւ 404։ Գահակալութեան շրջանին իր հաւատաւոր կեցուածքով կը յանդիմանէր բոլոր անոնք, որոնք անբարոյ կեանք կը վարէին։ Որպէս հովուապետ իրեն համար կարեւոր նկատած էր լուսարձակի տակ առնել արքունիքի եւ հոգեւորականութեան կենցաղները, ուր զգալիօրէն կը յայտնուէր ապականութիւնը եւ կրօնական անտարբերութիւնը։ Յատկապէս չէր քաշուեր խստիւ պախարակել արքունիքին մէջ բոյն դրած անբաղձալի եւ ոչ-քրիստոնէավայել կենցաղը, ի մասնաւորի Եւտոքսիա թագուհիին։ Իր համարձակախօսութիւնը պատճառ դարձած էր, որ իր կեանքի վերջին տարիները վերածուէին աքսորի տարիներու։ Որպէս տարագրեալ հասած էր Կոկիսոն, այժմու Կէօքսուն քաղաքը, կլիման հանդուրժելի էր։ Սակայն եւ այնպէս երկրորդ աքսորի հրահանգով պարտադրուեցաւ մեկնիլ Պոնտոս եւ այս ճանապարհորդութիւնը կատարել՝ քալելով։ Սուրբ Հայրապետը իր երկրաւոր կեանքը կնքած է, միշտ Աստուծոյ փառք տալով։ Իր արտասանած բառերը ժամագրքին մէջ կը կրկնուին ամէն անգամ որ երեկոյեան ժամերգութիւն կը կատարուի. «Փառք քեզ Աստուած փառք քեզ, յաղագս ամենայնի Տէր փառք քեզ»։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը երբ Կոկիսոն կը գտնուէր որպէս տարագիր, վայելած էր Դիոսկորոս անուն հայազգի եպիսկոոպսի ասպնջականութիւնը։ Դիոսկորոս Սուրբ Հայրապետը դրուատալից արտայայտութիւներ ունի իր մասին եւ զայն «Տէրն իմ» կը կոչէ։ Դիոսկորոսի խնդրանքին ընդառաջելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասին ներբող մը գրի կ՚առնէ եւ կ՚արտասանէ մեր հաւատքի հօր յիշատակին նուիրուած «մեծահռչակ տօնի առթիւ ժողովեալ յոգնախումբ բազմութեան» առջեւ։ Այս ճառը հայերէնի կը թարգմանուի 1141-ին ձեռամբ Աբրահամ Ղրամատիկոսի եւ թարգմանութիւնը կը վերախմբագրուի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կողմէ, հրահանգովը Ամենայն Հայոց Գրիգոր Պահլաւունի Կաթողիկոսի։

Այս ներբողը գրաբարով լոյս տեսած է 1853-ին, Վենետիկ, «Սոփերք Հայկանանք» ի շարքէն։ Արեւելահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւնը, կատարուած՝ Հրանտ Սրկ. Պետրոսեանի կողմէ եւ լոյս տեսած՝ 1998-ին, Ս. Էջմիածին, հրամանաւ երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանաց եւ խոր վիրապ մուտքի յիշատակը կը տօնենք, այս թարգմանութենէն մեկնելով ջանացինք արեւմտահայերէնի վերածել եւ բաժնել՝ ներբողի բաժինը, առընչուած՝ մեր հաւատքի հօր կեանքի խոր վիրապի մէջ անցած շրջանին հետ։

Լսենք Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի ներբողի խօսքերը.

…Բայց չեմ գիտեր, թէ ո՞ր ուղղութեամբ մարդուն պիտի յիշատակենք։ Քաջութեան պայքա՞րը դաշտի մէջ, թէ ժուժկալութիւնը արեան հասնող զանազան տանջանքներով, նահատակութեան ընթա՞ցքը, թէ բազում տարիներու համբերութիւնը անտանելի նեղութիւններուն խոր վիրապի մէջ, առաքելական քարոզութի՞ւնը, թէ մարգարէութեան շնորհը, հովուակա՞ն վերակացութիւնը, թէ անապատի մէջ անմարմին ճգնութիւնը։ Քանզի ամէն ինչի մէջ մարդը մեծախորհուրդ է, ամէն ինչին հաճող, ամէն ինչի մէջ առաքինի, ամէն ինչի մէջ ընտիր, ամէն ինչի մէջ համբերող, ինչպէս անբեկանելի արձան, ինչպէս անպարտելի աշտարակ՝ հակառակ սատանայի հնարքներուն։ Սակայն այստեղ սկիզբէն պէտք է եւ արժանի է ձեռնարկել այս խօսքը. իրօք, ի՞նչ բանէն։ Իսկապէս յայտնի է, թէ Հոգւոյ շնորհներու կոչումը՝ զայն առաջնորդած է զայն մանկական տարիքէն դէպի ճշմարիտ հաւատք։ Քանզի ինձ այնպէս կը թուի թէ, մեր երջանիկ հայրը նմանած է այն մեծ նահապետ եւ աստուածահայր Աբրահամին, որովհետեւ ինչպէս որ Աստուած անոր հրամայեց՝ հայրենի երկրէն եւ անհաւատ ժողովուրդէն դուրս գալ, նոյն օրինակով եւ այս երանելին, ինչպէս Աստուծոյ կանչով դուրս եկաւ խաւարէն՝ կռապաշտութեան երկրէն, արդարեւ մտաւ աւետեաց երկիր, ուր կը հնչէր Քրիստոսի մեծագոյն պատուիրաններու ձայնը, ուր Փրկիչը յայտնապէս կը քարոզէր Աւետարանը, ուր իսկապէս կրթուած էր Քրիստոսի խորհուրդներու տնօրինական դաստիարակութեամբ՝ հասած ըլլալով կարճ ժամանակի մէջ։ Ասկէ յետոյ դարձեալ տնտեսութեան խորհուրդը եւ դարձեալ այնտեղէն կանչուիլը, ուր պատրաստ էր ընթացքը շարունակելու եւ հաւատքը պահելու՝ չարչարանքներով ու ճգնութեամբ, ըլլալով բազում ազգերու հայր, ըստ խոստման։ Որովհետեւ «Քաղաք մը, որ կանգնած է լերան վրայ, չի կրնար ծածկուիլ։ Եւ ճրագ վառելով գրուանի տակ չեն դներ, այլ աշտանակի վրայ, որ լոյս տայ բոլորին» (հմմտ. Մատթ. 5. 14, 15)։ Նոյնպէս եւ իր անունն ու գործը աւելի պայծառ են, քան արեւը, որմէ մեզի ոչինչ կը ծածկուի։

Նախ պարտ է յայտնի դարձնել այս երանելիի անուանակոչութիւնը, որովհետեւ այդ կոչումէն պիտի ճանչնանք իր երկնային կենցաղավարութիւնը եւ առաքինի վարքով անմարմիններուն նմանիլը։ Գրիգոր, կը նշանակէ առաքինութեամբ հսկող արդարութեան օրինակ, Քրիստոսի արժանի պսակ, ճգնութեան ասպարէզի մէջ հռչակաւոր, Քրիստոսի մեծ խոստովանող ու վկայ, Աստուծոյ Հոգւոյն գեղեցիկ անօթ, քահանաներու միտք, հովուապետներու օրինակ, երկնային զօրքերու հետ բնակուող, մարտիրոսներու պարծանք, առաքեալներու լրում, մարմնաւոր հրեշտակ երկրի վրայ։ Գրիգոր, մտքի ոտքերը հաւատքի անշարժ վէմի վրայ հաստատելով, կը շտապէր երկինք բարձրանալ, որպէսզի այնտեղ տեսնուի լոյսը ամենապայծառ աչքերով, որ եւ միշտ կը տեսնէր մաքուր մտքով Դաւիթի հետ փառքի Տիրոջ աջ կողմը, որով երկակի, այսինքն՝ բանականներէն, օրինակ մարդկանց եւ դեւերու պատճառած նեղութիւններու հեղեղատներէն տարբերութիւն չէր ունենար։ Գրիգորը, որ խաւարի մէջ կը մտնէր հպուած աստուածային շնորհներուն, ինչպէս այն Մովսէսը լերան վրայ, ուրկէ ոչ թէ ձեռքով, այլ աստուածային տեսիլքի յայտնութեամբ Հոգւոյ մատներով շինուած, տախտակը կ՚ընդունէր, եւ իր հարազատ ժողովուրդին սրտի ընդունարանի մէջ հրաշքով կ՚օրինադրէր։

Եւ խաւարէն դուրս հանեց բազմաստուած կուռքերը, ոչ թէ ժառանգելու երկիրը, ինչպէս Նաւէի որդի Յեսուն, այլ դէպի երկինք առաջնորդելով կը տանէր յաջողութեան։ Գրիգոր, ճշմարիտ հաւատքի բարեպաշտութիւնը համարձակութեամբ կը քարոզէր բռնակալ արքայի առջեւ եւ վախնալով հանդերձ չէր զարհուրէր իրմէ։ Գրիգոր, որ այս աշխարհի վայելչութիւնը եւ առօրեայ ցանկութիւնը աւելորդ համարելով ոտնակոխ կ՚ընէր եւ թօթափելով երկրաւոր ծառայութիւնը լաւագոյններուն ձեռք երկարելով՝ կը հետեւէր Քրիստոսին։ Գրիգոր, որ արժանանալով նահապետ ըլլալու շնորհին, ապագան կը գուշակէր մարգարէական հոգիի լսողութեամբ, եւ առաքեալներու աստիճան ժառանգելով՝ անթիւ ընտրեալ անձերու բազմութիւնը Աստուծոյ կ՚ընծայէր։ Ուստի Սուրբ Հոգւոյ շնորհներու աղբիւրը իրմէ բղխելով յայտնուեցաւ այնտեղ։ Գրիգոր կոչուելով ընդունեց քահանայապետութեան օծումը, ըստ Պօղոսի՝ «Ոչ մարդոցմէ եւ ոչ ալ ոեւէ մարդու ձեռքով, այլ վերին տնօրինութեամբ եւ Սուրբ Հոգւոյ յայտնութեամբ»։ Գրիգոր, հոգեւոր պատերազմի ասպարէզին մէջ միանձնական վարքով կը ճգնէր կռուասէր թշնամիի դէմ՝ միշտ մեռնելով աշխարհի համար աղօթքով, պահքով եւ զանազան առաքինութիւններով յանուն Քրիստոսի սիրոյն։ Այդ պատճառով սերովբէներուն միանալով՝ Սուրբ Երրորդութեան օրհնութիւնը միշտ բարձունքներու մէջ կը մատուցէր։

Եւ ինչո՞ւ երկարենք խօսքը։ Քանզի երբ մտքէս կ՚անցընեմ սուրբի անտանելի նեղութիւնները, դողն ու սարսափը կ՚իյնայ մէջս, ինչո՞ւ բնութեամբ մահկանացու եւ ապականացու ըլլալով, այդչափ չարչարանքներ կը կրէր մարմնի մէջ։ Բայց թէպէտ առաջին սուրբերէն իւրաքանչիւրը ընդունեց չարչարանքներ, սակայն՝ կարճ ժամանակով եւ պակաս։ Եսային սղոցուեցաւ, բայց՝ մէկ վայրկեանի մէջ, Յովհաննէսը գլխատուեցաւ, սակայն՝ ակնթարթի մը մէջ, Ստեփաննոսը քարկոծուեցաւ բայց՝ նոյն պահուն, Պետրոսը խաչուեցաւ, սակայն՝ արագ իրագործմամբ, Պօղոսը սպաննուեցաւ եւ գլխատուեցաւ, բայց՝ նոյն ժամուն։ Մարտիրոսները չարչարուեցան զանազան հնարքներով, բայց ոչ բոլորը նոյն ձեւով, այլ տարբեր ձեւով, ըստ ժամանակի պայմաններուն եւ բռնացողներու հնարքներուն։ Իսկ այս սքանչելին՝ վկան եւ հայրը, հրաշքով կը գերազանցէ մարդկային միտքն ու խորհուրդը, քանի որ բոլոր չարչարանքներու ձեւերը, որ ամէնքն ընդունեցին, ան իր անձին մէջ քաջութեամբ կը կրէր իբրեւ օտար բան մը. ուրեմն անտեղեա՞կ էր բնութեան յատկութիւններուն. թէ՝ կը ցանկար դուրս գալ մարմնէն եւ ըլլալ Քրիստոսի հետ։ Ո՜վ աստուածասէր անձ, անփոխարինելի բարութիւններու քաջ առաջամարտիկ, ո՜վ հաւատքի ջերմեռանդ նուիրեալ եւ Քրիստոսով կատարեալ սէր։ Ուրեմն, սիրելիներ, յօժարակամ նմանինք իրեն, ըստ Պօղոսի, թէ՝ «Նմանեցէք ինծի, ինչպէս որ ես՝ Քրիստոսի» (Ա Կորնթ. ԺԱ. 1)։ Անոր հետեւինք, վերին օթեւաններու մէջ առաքինի ընթացքի համաձայն, անոր հետ անտեսելով կարծեցեալ պայծառութիւնը, անցուկ վայելքը եւ ժամանակաւոր փառքը, փափաքինք անապական փառքին, անթառամ պսակին, անմահ արքայութեան, հրեշտակներուն դասակից ըլլալու, Սուրբ Երրորդութեան բնութենակից ըլլալուն՝ գիտակցելով, որ այս ապականացու կեանքը իր մէջ բնակած այսքան բարութիւններ չունի, այլ միայն՝ արտասուք, տառապանք, աղքատութիւն, վիշտ, ցաւ, նեղութիւն, պակասութիւն, հիւանդութիւն, ծերութիւն, տեսակ տեսակ մեղքեր եւ ի վերջոյ մահ։ Մեր երանելի հայրը, այսքան եւ այսպէս քարոզեց կեանքը իբրեւ անցաւոր բան, որուն համար իր անձը ընծայեց Աստուծոյ որպէս զոհ, ընթացաւ Քրիստոսի խաչի չարչարանքներով։ Անշուշտ գիտէր ըստ մեծ Պօղոսի թէ՝ «Այս ժամանակիս չարչարանքները արժանի չեն բաղդատուելու գալիք փառքին հետ, որ պիտի յայտնուի մեր մէջ» (Հռոմ. 8.18)։ Այլ գիտեմ, սիրելիներ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը ցանկայ մասնակից ըլլալ անոր չարչարանքներուն, որպէսզի հաղորդակից ըլլայ Տիրոջ պատրաստած պսակներուն։ Բայց քանի որ մարտիրոսութեան ժամանակը չէ, եւ ոչ ալ նահատակութեան շրջանի ընթացքը, միթէ պիտի վհատուի՞ք։ Սակայն այս պատճառով մի տխրիք անյոյս քանի որ թէեւ անոնց համար այժմ այդ քայլը անձեռնարկելի է, սակայն ձեր անձերը կրթեցէք նահատակութեան ժամանակի համար։

Ան արհամարհեց ողջ կեանքը, արհամարհեցէք եւ դուք գոնէ յատկապէս անոր ուրախութեան համար։ Ան կրակին մատնեց իր անձը, մարեցէք եւ դուք ձեր անձերէն ցանկութեան կրակը։ Ան արիւն թափեց, իսկ դուք արցունք թափեցէք Տիրոջ առջեւ։ Անոր հետ, նաեւ կարողութեան աւելորդը տուէք աղքատներուն։ Ան կայծակներու բոցը ոտնակոխ ըրաւ, մարեցէք եւ դուք ձեզմէ զայրոյթի բոցը։ Ան բազմաթիւ նեղութիւններէն յետոյ համբերեց՝ ապրելով մահաշունչ գազաններու հետ խոր վիրապի մէջ, համբերեցէք եւ դուք աշխարհալեցուն կեանքի փորձանքներուն խելահասութեամբ։ Կը սորվեցնէ իմաստունը՝ «Մի անարգե՛ր Տիրոջ խրատը» (Առակ. 3.11), իսկ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Երանի այն մարդուն, որուն կը խրատէ Տէրը» (Սաղմ. 93.12), ասոր հետ եւ առաքելական խօսքը երանի կու տայ անոնց, որոնք կը համբերեն փորձանքներուն. «Եթէ փորձութեան մէջ հաստատ ըլլայ, կը ստանայ կեանքի պսակը Տիրոջ կողմէն» (Յակոբ. 1.12)։ Յիշեցէք եւ անոր համբերութիւնը խոր վիրապի մէջ, որքա՞ն նեղութիւններով դառնացած էր։ Բայց քանի որ յիշեցիք այն վտանգաւոր տեղը, պէտք է համառօտ խօսքով դեգերիլ այնտեղ, եթէ հաճելի թուի, իսկ մտքով խորհիլ, թէ իրօք ինչպիսի էր սուրբի կեանքը՝ այդչափ մահաբեր գազաններու մեջ բնակուելով։ Որքա՜ն խորհուրդ բարիներուն, եւ ի՛նչ գործ։ Այսուհետեւ երթանք եւ հոգիի աչքերով նայինք երանելիին, թերեւս կարողանանք անկէ բան մը շահիլ, եւ փոքրիշատէ իմանանք անոր պարկեշտութեան եւ անմարմին վարքի մասին, այլեւ անսահման առաքինութեան, անդադար աղօթքներու, անհանգիստ տքնութեան, անմահ արթնութեան, անբեկանելի հաւատքի, անխզելի յոյսի, պաղատելի արցունքներու, առողջ մաղթանքներու, պահքով անմարմիններուն նմանող կեանքի, որովհետեւ արդարի կենցաղավարութիւնը իրապէս անմարմին գոյութեան կենցաղավարութիւն ցոյց կու տար, անաշխատ էր անոր սեղանը, անաշխատ կերակուրներու նման նաեւ շատ էր ցանկալի ճգնաւորական լռութիւնը, ինչպէս միշտ կ՚երազէր հետեւիլ երկնային զօրութիւններուն, աղաւնիի թեւեր ստանալ եւ երթալ անապատի մէջ հանգչելու։ Անոր տխրութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ այնտեղ նահատակութեան ճգնական մարտի ասպարէզին մէջ թերի մնալ։ Սակայն անոր ամբողջ կեանքը վկայութեան հանդէս էր, միշտ պատերազմելով պետութիւններու եւ խաւար աշխարհակալ իշխանութիւններու դէմ, անոր համար, անշուշտ, Խաչի վրայ բարձրացուած էր աշխարհը, իսկ ան աշխարհի վրայ, ըստ Առաքեալի՝ «Աշխատանքներու եւ յոգնութիւններու եւ տքնութիւններու մէջ, անօթութեան մէջ եւ ծարաւի, ծոմապահութեան մէջ՝ ինչպէս նաեւ ցուրտի մէջ եւ մերկութեան» (հմմտ. Բ Կորնթ. 11.27)։ Իսկ ո՞վ կարող է խօսքով պատմել երանելիի անսահման ճգնութեան մասին, կամ օրինակով ցոյց տալ անոր անտանելի նեղութիւնը, որ կ՚ապրէր իժերու եւ քարբերու մէջ, ուր ո՛չ զրուցակից կար, ո՛չ վշտակցող, ո՛չ բարեկամ, ո՛չ օգնական, ո՛չ մխիթարող եւ ո՛չ ծառայող, այլ կը համբերէր մեծ ժուժկալութեամբ, իբրեւ ողջ ողջ գերեզման դրուած, անտուն, մերկ, այնքան ժամանակ, գիշեր ցերեկ, ամրան շոգին եւ ձմրան սառնամանիքին։ Քանզի այս մարդը մօտ էր Աստուծոյ, լեցուած՝ Հոգիի շնորհներով, իմաստութեան գիտութեամբ, մտքի պայծառ աչքերով, մաքրուած՝ հոգիով, հեռացած՝ աշխարհիկ զբաղմունքներէն, աչքի առջեւ ունէր միայն հանդերձեալը, աչքերու առջեւ ապագան կը տեսնէր, Տիրոջ խրատներով կը խրախուսուէր, կը զօրանար Աստուծոյ խօսքով. «Այս աշխարհի մէջ, նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ. 16.33)։ Կը յիշէր ուրեմն նաեւ առաքելական խօսքը, որ «թէեւ՝մեր այս արտաքին մարդը կը քայքայուի, բայց մեր ներքին մարդը կը նորոգուի օր ըստ օրէ, որովհետեւ մեր թեթեւ նեղութեան առժամանակեայ յաճախանքը մեր մէջ առաջ կը բերէ յաւիտենական փառք» (հմմտ. Բ. Կորնթացիս, 4.16-18)։ Կը սաղմոսէր նաեւ Դաւիթի հետ. «Համբերութեամբ սպասեցի Տիրոջը, եւ ան լսեց իմ աղօթքները, ան ինծի հանեց տառապանքներու փոսէն, ցեխէն եւ տիղմէն» (Սաղմ. 39.2-3), նաեւ թէ՝ «Ե՞րբ պիտի գամ ու երեւամ Աստուծոյ առջեւ» (Սաղմ. 41.3), «Քանի որ ես կ՚այրիմ խանդակաթ սիրով» (Երգ. 2.5), «Ցոյց տուր ինծի քու երեսդ եւ լսելի ըրէ քո ձայնդ, քանզի ձայնդ քաղցր է, եւ երեսդ՝ գեղեցիկ» (Երգ. 2.14), «Կու գանք քու օծման իւղերու հոտի ետեւէն» (Երգ. 1.3)։

Այսպէս, ուրեմն, երանելի Գրիգորը միշտ կը բարբառէր եւ աղօթքներով կը խնդրէր, այսպիսի մաղթանքներու մէջ կը խոնարհեցնէր ամենողորմ Աստուծոյ գթութիւնը, մինչեւ որ քաջ հովիւը այցելութեան եկաւ իր մոլորած հօտին, «Ան կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեան» (Ա. Տիմոթ. Բ. 4)։ …

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ ներբողի հեղինակ՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան բարեխօսեն բոլորիս համար։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

19 մարտ 2021, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Մարտ 20, 2021