ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Դատաւորի կիրակիի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Հաթայի սուրբ եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Արարողութեանց մասնակցեցաւ սուրբ եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, «Պալըքճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, ուր հաճելի անակնկալով մը նշուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծննդեան տարեդարձը։

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2023