ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագին մասնակցութիւն բերին Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան սանուց միութեան վարչայիններն ու խումբ մը անդամ երիտասարդները։ Մեծ պահոց շրջանին տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութենէն ներկայացուցիչներ։ Երիտասարդները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճիեանի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ բոլորը համախմբուեցան պահքի սիրոյ սեղանի շուրջ։ Հաւաքոյթի ընթացքին երիտասարդներուն միջեւ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Ջերմ զրոյցի ժամանակ բոլորը ուրախութիւն յայտնեցին Մեծ պահոց նուիրական շրջանին զուգադիպած այս համախմբման համար եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար դիմաւորել Ս. Զատկի տօնը։