ԳԱՒԱՌԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ գա­ւա­ռի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ Ս. Զատ­կի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այս տա­րի պա­տա­րա­գեց Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Իս­քէն­տէ­րու­նի եւ Վա­գըֆ­լը­գիւ­ղի մէջ ալ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշուե­ցաւ Ս. Զա­տի­կը։ Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Թա­պա­շեան Ճրա­գա­լոյ­ցի օ­րը պա­տա­րա­գեց Իս­քէն­տէ­րու­նի Ս. Քա­ռա­սուն Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, իսկ տա­ղա­ւա­րի օ­րը՝ Վա­գըֆ­լը­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Բո­լոր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015