Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ
Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան շաբաթավերջին Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25-րդ տարելիցին առթիւ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման երեկոյթին ընթացքին հանդէս եկաւ բովանդակալից ելոյթով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տէր Հօր խօսքը։
Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի յիշատակն է, որ համախմբած է մեզ այսօր այս սուրբ յարկին ներքեւ։ Որքան դիւրին, նոյնքան ալ դժուար է արտայայտուիլ հոգեւորականի մը մասին, որ արժանաւորապէս բազմած ըլլալով յԱթոռ մեր պատմական Պատրիարքութեան, գլխաւորած է մեր համայնքը։ Դիւրին է, որովհետեւ շուրջ երեսնամեայ ժամանակաւ ծառայութեան շրջան մը առատ տուեալներ կ՚ընձեռէ մեզի։ Իսկ դժուար է, այդ բոլորը ի մի համադրել սեղմ գիծերու մէջ։
Յիշատակութեան այս պահուն երբ կը գտնուինք երանաշնորհ Պատրիարք Հօր բարոյական ներկայութեան առջեւ, երեւակայական փոքր ճամբորդութեամբ մը երթանք դէպի իր ծննդավայրը, միասնաբար ապրելու այն պահը, որ անկիւնադարձ մը ըլլալով, եղած էր նաեւ գլխաւոր «անկեան քարը» իր ապագայի հոգեւոր սքանչելի կառոյցին։
Ոչ-հայերէն երկու բառեր յամառօրէն կ՚արտաբերուէին պատանիի մը շրթներէն, որ Ա. Համաշխարհային պատերազմի դառնութեան, դժբախտութեան պտուղը կը վայելէր, իր գիւղին՝ Իյտէլիի մէջ պարապելով հովուութեամբ։ Այդ բառերն էին. «Պէն կէթմէ՜մ. պէն կէթմէ՜մ», այսինքն «ես չեմ երթա՜ր. ես չեմ երթա՜ր»։ Այս բառերն էին, զորս կ՚արտասանէր հովիւ Արշակը, երբ իր մայրը՝ Կիւլտանէն իրեն կը պարտադրէր դուրս գալ գիւղէն, որպէսզի երթար եւ ուսում առնէր։ Ով գիտէ հոգեկան ինչպիսի ալեկոծումներով տակնուվրայ եղած էր պատանին, որ արդէն յակամայս ենթարկուած էր ի հօրէ որբացած եւ իր ընտանիքի ամենամերձաւոր անդամները կորսնցուցած ըլլալու դժխեմ զգացումին։ Այդ օրերուն, ունէր միայն երջանկութիւնը վայելելու մօր մը տաքուկ գուրգուրանքը, որով կը զգար, թէ ունէր ապաւէն մը, հակառակ իր ապրած զրկանքներուն։ Ով գիտէ, գուցէ լսելի եղած էին ի խորոց տառապեալ սրտէ մը արտաբերուած աղօթքը, որ հարցում մըն էր առ Արարիչն երկնի եւ երկրի. «Աստուած իմ, ե՞րբ պիտի ազատես զիս այս չարչարանքէն»։
Մենք այսօր փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ Իր անդաստանին համար ընտրեց, օրհնեց այս որբ պատանին, որպէսզի անոր առջեւ բացուած կեանքի նոր ճանապարհէն ընթանար։ Սակայն այսօր երբ գոհութիւն կու տանք Աստուծոյ, որ յանձին երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի, մեզի պարգեւած է Հայ Եկեղեցւոյ քսաներորդ դարու տարեգրութեանց տիտան հոգեւորականներէն մին, մենք ունինք շնորհակալութեան պարտք մը հանդէպ այն այրի կնոջ, որ հակառակ կեանքի դժուար եւ ոմանց համար անտանելի պայմաններուն, գիւղական կեանքի բերմամբ իր անուս վիճակին, անտեսելով դժբախտութիւններով ծանրաբեռնուած կենսընթացքը, ունեցած է իմաստութիւնը իր հոգեհատորը հեռացնել այդ գիւղական կեանքի միջավայրէն, որ ստուգապէս դէպի կորուստ պիտի առաջնորդէր զայն, որմէ կարելի պիտի չըլլար խուսափիլ։
Շնորհք Պատրիարքի գիւղական կեանքի վերջակէտը դրին այդ զոյգ մը բառերը։ Երանաշնորհ Պատրիարքը, որբացած ըլլալու հոգեբանութեամբ եւ որդիական զգացումներով պատանի հասակին անգիտակցաբար կը յամառէր մերժել իրեն ընձեռուած կեանքի նոր ճանապարհի մը մէջ ընթանալու առիթը։ Սակայն ըստ երեւոյթի, ի դերեւ չէին ելած զինքը գիւղէն դէպի Թալասու Ամերիկեան որբանոցը առաջնորդող իր մեծհօրեղբօրորդւոյն՝ Ամբակում Ակայի ճանապարհի ընթացքին ըրած մխիթարական խօսքերը եւ պատանին Արշակ, հետզհետէ համոզում գոյացնելով եւ արմատացած զգացումներով փարած էր կեանքի նոր ուղիին։ Թալասու որբանոցին մէջ էր, որ առաջին անգամ սորվեցաւ, թէ ո՞վ էր Յիսուս։ Առաջին անգամ հոն տեսաւ Խաչելութեան նկարը Քրիստոսի։ Այս որբախնամ եւ կրթական հաստատութեան մէջ սկսաւ կերտումը հաւատաւոր անհատականութեան, որ նախադուռը պիտի ըլլար աղօթանուէր կեանքի։ Հետագային, որբանոցէ որբանոց փոխադրուելէ յետոյ, հուսկ հասաւ հոն, ուր պիտի դրծուէր եկեղեցւոյ սրբութեամբ եւ արժէքներով։ Այդ վայրն էր Հայ Երուսաղէմը, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան շրջաններուն ծանրաբեռնուած էր որբերու եւ գաղթականներու խնամք տածելու առաքելութեամբ եւ հոգերով։ Այդ դժուարին առաքելութեանց իրագործման օրերուն, Սրբոց Յակոբեանց վանքը եւ Առաքելական Աթոռը նոր շունչով մը կը վերաթարմանար։ Այդ շունչը կու գար Արմաշէն, որուն մէջ խտացած էին, մեծանուն հոգեւորականներու, Խորէն Պատրիարք Աշըքեանի հոգեւոր եւ գաղափարապաշտ կեցուածքը, եւ այդ կեցուածքին պտուղը՝ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի եւ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի ուսումնանուէր անդուլ ջանքերը։ Այս վերջինը 1921-ին կու գար բազմիլ Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռին։ Երկու մեծանուն Արմաշական հոգեւորականներ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Կիւլէսէրեան՝ հետագայի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոսը, եւ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, հետագայի Երուսաղէմի Պատրիարքը, եկան միանալ իրենց երբեմնի ուսուցչին։ Ի ներկայութեան այս օրինակելի նուիրեալներու, պատանի Արշակ հաղորդուեցաւ իր պապենական հաւատքի սրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր հայրերու դարաւոր մշակոյթին հետ։ Ան եղաւ քրիստոնեայ պատանի, կապուած իր Տիրոջ եւ Փրկչին ու առաջնորդուեցաւ զգենուլ հոգեւորականի սքեմը, զոր կրեց իր ամբողջ կեանքի տեւողութեանը ընթացքին կոչումի եւ ուխտի գիտակցութեամբ։ Ահա թէ ինչո՞ւ երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը կը կոչենք Արմաշական։ Իր ներկայութիւնը վայելողներու համար գաղտնիք մը չէր իր ամուր հաւատքը, հեռու՝ ձեւականութենէ։ Խորապէս համոզուած էր, թէ քարացած կեանքը արգելք էր Աստուծոյ ներգործութեան։ Իր պաշտօնավարած եկեղեցիներու եւ թեմերու ժողովուրդները եւ հուսկ՝ պոլսահայութիւնը երջանկութիւնը ունեցան իր անձին մէջ վայելելու Բանին Կենաց քաջաքարոզ հոգեւորականը, որ ծանօթ էր իր աղօթանուէր կեանքի օրինակով։
Երանաշնորհ Պատրիարքը, առաւօտեան կանուխ ժամերուն հանապազօրեայ աղօթասացութեամբ տիպարն էր ճշմարիտ վանականի։ Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ սրբութեանց նկատմամբ աներեր հաւատքով, ան դարձաւ օրինակելի հոգեւորական մը։
Յամառ ընթերցող մը, որ գիտցաւ լաւագոյնս մշակել մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան անդաստանը։ Իր ուսուցիչներուն առողջ ուղղութեան հետեւելով այդ անդաստանէն հնձեց իր նախորդներու սերմանածներէն հասած ատոք հասկերը։ Չեղաւ քանքարաթաքոյց ծառայ այլ գիտցաւ իր կարգին ըլլալ սերմնացան։ Արտադրեց գիրքեր, որոնք ցարդ կը շարունակեն պահել իրենց այժմէականութիւնը։ Հեղինակած գիրքերուն կապակցութեամբ երբ կ՚արտայայտուէր, զանոնք կը վերագրէր «Շնորհք Շնորհողին Աստուծոյ», ըսելով. «Եթէ երբեք արժէք ներկայացնող որեւէ գաղափար կամ արտայայտելու կերպ կը նշմարուի իմ գրականութեանս մէջ. ես զայն կը պարտիմ Աստուածային այն ուժին, որ կը գործէ բոլոր անոնց մէջ, որոնք իրենք զիրենք կը տրամադրեն Անոր»։ Երանաշնորհ Պատրիարքը, ամէն առթիւ իր անմիջական շրջանակին մէջ, յատկապէս ի ներկայութեան իր ձեռնասուններուն կը թելադրէր միշտ ընթերցել Սուրբ Գիրքը եւ հետեւիլ հոգեւոր գրականութեան, զարգանալու եւ այլոց օգտակար հանդիսանալու առաջադրութեամբ։
Շնորհք Պատրիարք, շատերու նման «իր մանկութիւնը չապրած սերունդի մէկ անդամն» էր։ Չմոռցաւ իր մանկութիւնը եւ կեանքի զարգացման փուլերը եւ այս առումով ալ հայրական հոգածութեամբ, պոլսաբնակ ժողովուրդի եւ պոլսահայ կրօնական, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութեանց առընթեր, յատկապէս հետաքրքրուեցաւ գաւառաբնակ մերազն ժողովուրդին եւ անոնց ծով կարիքներուն հետ։ Գաւառի մեր եկեղեցիներուն ու անոնց ժողովուրդներուն հետ հաստատեց կենդանի կապ մը, կազմակերպուած ուխտագնացութիւններով։ Ան, իր հայրական վերաբերմունքը չզլացաւ Ներքին գաւառներէն որպէս գաղթական Պոլիս եկած մեր ժողովուրդի զաւակներէն։ Անոնք պարագաներու բերմամբ նախ Աստուծոյ ապա իրենց հոգեւոր պետին վստահելով եկան ի դուռն Պատրիարքարանի։ Երանաշնորհ Պատրիարքը, նորեկ ընտանիքներուն տէր կանգնելու համար, կազմեց Գաղթականաց Յանձնախումբ մը, որուն առաքելութիւնը պատուով արձանագրուած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան տարեգրութեան մէջ։ Զոյգեր պսակուեցան, երախաներ մկրտուեցան։ Եւ այսօր անոնց մէջէն հասած եւ լաւ դիրքերու հասած անհատներ լծուած են համայնքային ծառայութեան եւ ըլլայ Պոլսոյ մէջ, ըլլայ ի սփիւռս աշխարհի երախտիքով կը յիշեն երանաշնորհ Պատրիարքը, որ ներշնչած վստահութեամբ առանձին չմնաց երբեք եւ իրեն նեցուկ ունեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն նուիրատու ջիղը։ Նոյն նուիրատու ջիղն էր, որ զօրանալով զօրացաւ եւ ցարդ գործօն դիրքի մէջ կը գտնուի։
Հայրական հոգածութեամբ մօտիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր գաւառի հովիւներուն։ Հոս կ՚ուզեմ բաժնել անձնական վկայութիւնս Իր եւ Անտիոքի հոգելոյս Տ. Ղեւոնդ Աւագ Քահանայ Քարթունեանի հետ ունեցած հանդիպման մասին։ Հոգելոյս Տէր Հայրը տարիքով մեծ էր երանաշնորհ Պատրիարքէն։ Հիւանդութենէ ապաքինած ըլլալով պիտի վերադառնար գիւղ։ Հրաժեշտի այցելութեան համար եկած էր Պատրիարքարան։ Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը իր աշխատասենեակին մէջ զինքը դիմաւորեց ոտքի ելլելով ու ընդառաջ երթալով։ Ինծի համար անակնկալ էր այս տեսարանը։ Ըսաւ. «Տէր Հայրը գաւառի օդը եւ ջուրը կը բուրէ եւ մեզի կը բերէ գաւառի շունչը»։ Նաեւ հիացումով արտայայտուեցաւ ըսելով. «Տես, ինձմէ մեծ է, նայէ իր մազերուն եւ ապա նայէ իմ վրաս»։
Երանաշնորհ Պատրիարքը արժանացաւ իր ժողովուրդէն Հայրիկ կոչուելու պատիւին, պատիւ մը, որուն նախապէս արժանացած էր անմոռանալի Խրիմեան Հայրիկը։ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի մանուկները, մանկական հրճուանքով իրեն կը դիմէին «Սրբազան Հայրիկ» ողջոյնի բառերով։
Շնորհք Պատրիարք ծանօթ է որպէս գրասէր եւ մշակութասէր պատրիարք։ Ան, յիրաւի արդարացուց իր այս կոչումը, իր հովանաւորութեամբը քաջալերելով մեր համայնքի ծոցէն հասած գրչի մշակները, գեղարուեստի նուիրեալները։ Իր ներկայութեամբը ընդմիշտ պատուեց զանոնք։
Իր պատրիարքութեան շրջանին պատահած ահաբեկչական արարքները, որոնք ստուեր ածեցին մեր ժողովուրդի անուան վրայ, Շնորհք Պատրիարքն էր որ որպէս քաջ հովիւ հանդէս եկաւ Քրիստոնէական ու մարդասիրական արտայայտութիւններով։
Ոմանք անհանդուրժողութեամբ դիմաւորեցին երանաշնորհ Պատրիարքի արտայայտութիւնները, սակայն ան շարունակեց գործել իր որդեգրած ուղղութեան հետեւելով ի սէր մարդկութեան եւ մանաւանդ իր խնամքին յանձնուած ժողովուրդի բարօրութեան։ Հովուական ցուպ ի ձեռին արտասահմանի միջեկեղեցական կարեւոր կեդրոններու մէջ եւս առիթ ընծայեց, որ ահաբեկչութեան դէմ առողջ եւ շինարար կեցուածք մը որդեգրուի։
Երանաշնորհ Պատրիարքը, իր գահակալութեան քսանեւհինգամեակի հանդիսութեանց աւարտին, Յոբելենական Յանձնախումբին ի պատիւ սարքած ընդունելութեան ընթացքին, նոր լոյս ընծայուած յուշամատեանը ստանալէ յետոյ ի միջի այլոց ըսած էր.
«Այսօր այս համայնքը ունի չունի եկեղեցի մը ունի։ Պատրիարքարան մը ունի։ Ունի չունի զինք ներկայացնող Պատրիարք մը ունի։ Եւ ասիկա համայնքի մը համար մեծ նշանակութիւն ունի, մեծ բախտաւորութիւն մըն է։ Եւ ժողովուրդին ընտրելագոյն մասը ասիկա կը զգայ եւ կը տեսնէ։ Ես թերեւս քիչ մը երկչոտ անձնաւորութիւն, սկիզբները քիչ մը խրտչեցայ այս յոբելենական հանդիսութիւններէն։ Բայց երբ տեղի ունեցան անոնք, պէտք է ըսեմ դժգոհ չմնացի։ Ոչ թէ որովհետեւ ես գովասանքի արժանացայ, գնահատուեցայ, ընդհակառակը անոր համար որ համայնքս գովասանքի արժանացաւ, համայնքս գնահատուեցաւ, որու համար ես ալ ինքզինքս երջանիկ եւ ուրախ զգացի։ Ես կերպով մը միջոցը եղայ, որպէսզի համայնքը աւելի ճանչցուի յարգանք ու ճանաչում գտնէ հոս»։
Երախտիքով յիշելով իր երանաշնորհ նախորդներուն ծառայութիւնները, կ՚ակնարկէ իր գործունէութեան հետեւեալ բառերով.
«Ինչ որ ըրինք, մինչեւ հիմա, մեր պարտականութիւնն էր։ Չընէինք, մեղադրելի պիտի ըլլայինք։ Ըրած ըլլալու համար, գնահատանքի արժանի ոչինչ ըրած ենք։ Պարտական էինք ընել, ըրինք։ Այսպիսի գիրք մը մէջտեղ բերին պատուական անձնաւորութիւններ, միշտ գլխաւորութեամբ Յոբելենական Յանձնախումբին։ Այս գիրքին մէջ կը ներկայանայ պատրիարք մը՝ իր լաւ կողմերով։ Թերի կողմեր չունի այս գիրքին մէջ պատրիարքը։ Բայց չկայ մարդ մը, որ թերութիւն չունենայ։ Այս գիրքին մէջ տեսնուած են լաւ կողմեր միայն։ Թերի կողմերը Աստուած միայն կը տեսնէ։ Ես ուրեմն Աստուծոյ հետ պէտք եղած հաշուեյարդարի կ՚ենթարկուիմ։ Ասիկա զուտ անձնական խնդիր մըն է։ Այսուհանդերձ. եթէ համայնքովին ալ թերացում մը ունեցանք, պակասութիւններ ունեցանք, կը կրկնեմ որ անոնք անխուսափելի են։ Ատոր համար բնականաբար ներում կը հայցենք։ Մեր մարդ ըլլալուն ապացոյցն են անոնք։ Մարդը անկատար արարած մըն է, բոլոր կատարելութիւններով հանդերձ։ Այդպէս ալ, մենք մարդ ենք, եւ մարդկօրէն թերացումներ կ՚ունենանք»։
Բոլորիս ծանօթ է, թէ ինք ինչ պայմաններու տակ Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց իր հոգին։ Կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սուրբ յարկին ներքեւ, որ մեր հաւատքի լուսաբեւեռն է, աւանդը՝ առաքելական։ Հոն կը գտնուէր ինքնամատոյց ներկայութեամբ, զոր նկատեց սուրբ առաքելութիւն մը։ Գացած էր երկրաշարժի գօտին այցելելու եւ իր հայրական ներկայութեամբ ու խօսքով մխիթարելու ցաւատանջ հոգիները։ Իր պատանեկութեան օրերուն, ժխտական արտայայտութեան մը համար բացուած շրթները, որոնք հետագային բացուած էին Տիրոջ աղօթելու, Տիրոջ փառքը երգելու եւ մանաւանդ Տիրոջ Խօսքը քարոզելու, վերջին անգամ կը բացուէին «Ողորմեա ինձ Աստուած ըստ մեծի ողորմութեան քում ըստ բազում գթութեան քում քաւեա զանօրէնութիւնս իմ» ապաշխարութեան ծանօթ սաղմոսի աղօթասացութեամբ։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը փառաւորուեցաւ իր արի եւ տիրական կեցուածքով։ Շնորհք Պատրիարքի գլխաւոր առաքելակիցներէն՝ հոգելոյս Շահան Սրբազան Արքեպիսկոպոսի գրի առած տապանաքարի արձանագրութիւնը, կը բնութագրէ երանաշնորհ Պատրիարքի վարքը.
ԲԱՆԻԲՈՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ
ՔԱՐՈԶԻՉ ԲԱՆԻՆ ԿԵՆԱՑ
ՄԱՏԵՆԱԳԷՏ ՍՐԲԱԶԱՆ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՋԱՐԹՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՐ ՎԱՐԵԱՑ ԶՊԱՇՏՕՆՆ
ԻՒՐ ԱՄՍ ՔՍԱՆ ԵՒ ԻՆՆ ԵՒ ՅՈՐԺԱՄ
ԷՐ Ի Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՄԲ
ԵՄՈՒՏ Ի ԿԵԱՆՍ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՍ
Երանաշնորհ Պատրիարքը իր գործունէութեամբը այլեւս կը պատկանի պատմութեան։ Անոր մարմինը կը հանգչի իր դամբարանին մէջ, սակայն իր թողածը կը բաւէ ապրեցնել իր յիշատակը։ Կ՚աղօթենք իր հոգւոյն խաղաղութեանը համար։ «Ի տաճարի փառաց սրբութեան Աստուծոյ աղաչեմք եւ խնդրեմք, զի բարեխօսութեամբ Սրբուհւոյ Աստուածածնին եւ ամենայն սրբոց, ընկալցի զծառայութիւն Շնորհք Պատրիարք ծառայի եւ հանգուսցէ զհոգի իւր ի խորանս սիրողաց անուան իւրոյ, շնորհեսցէ սմա յարդար դատաւորութեան իւրոյ ընդ Պետրոսեան աթոռակցութեանցն վերապատուիլ»« Ամէն։
Աղօթքով իր վախճանին հասած աղօթանուէր կեանքի մը օրինակին առջեւ կ՚ըսենք, Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի, Ամէն։