ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԻՆԷՕՆԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ Ս. Զատկի տօնին առթիւ այց մը տուաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը, ուր ներկայ էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողկիէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Քաղաքապետն ու իր ընկերակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Զէքիեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուռնուռ եւ իր ընկերները, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան եւ այլ պատասխանատուներ։
Տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած ճաշասեղանին շուրջ հիւրընկալուեան քաղաքապետն ու հետեւորդները։ Քաղաքապետ Ինէօնիւ ընդգծեց, որ շրջանի բոլոր բնակիչներուն ծառայութիւն կը մատուցեն առանց խտրականութեան։ Ան խոստացաւ միշտ իր զօրակցութեան առարկայ պահել Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը։