ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը նախընթաց օր կազմակերպեց կանանց նախաճաշ մը։ Քալամըշի «Փէյզաժ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս կանանց հաւաքը, որու բացումը կատարեց ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան ու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան ընթերցեց նաեւ այս հաւաքոյթին առթիւ թաղի եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ուղերձը, ուր գրուած էր հետեւեալը.

«Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունեմ, եկեղեցւոյս տիկնանց կազմի ջանքերով կազմակերպուած ճաշասեղանի մասնակիցներդ։

«Եկեղեցւոյս ընտանիքին համար ուրախութիւն է հիւրասիրել՝ Պոլսոյ տարբեր թաղերէ ժամանած տիկինները։ Ճիշդ է, թէ այս օրերուն կը գտնուինք տօնական մթնոլորտի մէջ եւ նման մէկտեղումներով առաւել եւս կ՚ընդարձակուի մեր տօնական հրճուանքը։ Այսօր վստահաբար ներկայ տիկիններուն դէմքերուն վրայ կ՚երեւին անյագուրդ ուրախութեան շողեր։ Աւանդական երջանկութիւն մը, որուն նպատակն է Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ ի մի հաւաքել քոյր եկեղեցիներէ տիկիններ, իրենց սեղանակից ու զրուցակից ըլլալ, եկեղեցւոյս պայծառացման նպաստաւորելու նպատակաւ։

«Այս առթիւ, Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն մեր օրհնութիւնը կը բերենք այս հանդիպման։ Կը գնահատենք Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի բոլոր անդամները իրենց ժրաջան աշխատութեանց համար ու յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց։ Այս առթիւ, մեր օրհնութիւնը կը փոխանցենք նաեւ ներկայ բոլոր տիկիններուն, որոնք ընդառաջելով եկեղեցւոյս հրաւէրին եկան ու իրենց թանկագին ներկայութեամբ պատուեցին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ սիրոյ սեղանը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին սոյն հանդիպման կազմակերպման աշխատութեանց։

«Հուսկ, կ՚աղօթեմ մեր հաստատութեանց անդորրութեան համար, որոնց կայունութեան համար ի մասնաւորի տիկիններ իրենց կարելին ի գործ կը դնեն։ Այս հանդիպման առիթով մասնաւորապէս Գատըգիւղի տիկիններուն, բայց ընդհանրապէս՝ Պոլսոյ տարբեր թաղերէ ժամանած բոլոր տիկիններուն իրենց առաքելութեան մէջ կարողութիւն կը մաղթեմ»։

Պոլսոյ բոլոր թաղերէն ժամանած տիկինները երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ունեցան հաճելի զրոյց։ Անոնց համար Լինտա Քումտակեզերի ձեռամբ պատրաստուած էին նաեւ յատկանշական յուշանուէրներ։

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները. Վերժին Պիւքիւճեան (ատենապետուհի), Անահիտ Պալեան, Մինէ Էրլեւենտ, Մելինէ Քըլըչսորալ, Սիրուն Քոլիոզեան, Անի Էսէնէր, Ազնիւ Չոպան, Արտա Ուզուն, Ալին Շէնճան, Նատիա Կարագեան, Տալիլա Քըլըչճը, Առլէթ Կիւնթէր, Նելլի Սիրունեան եւ Իրմա Քոնաք։

Ուրբաթ, Ապրիլ 20, 2018