ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՓՈՐՁԻՆ ՓԱՐԻԶԷՆ ՀԻՒՐ ՄԸ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ հիւրընկալեց Փարիզի արուարձաններէն Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արէտ Թահմիզեանը։ Ծանօթ է, որ անցեալ Ծաղկազարդին Լուսաւորիչ երգչախումբը Առնուվիլի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարած էր։ Այդ ժամանակաշրջանէն ձեւաւորուած ջերմ կապերուն հիման վրայ Արէտ Թահմիզեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Լուսաւորիչ երգչախումբի շաբաթական հերթական փորձին։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան բոլոր անդամներուն հետ ջերմօրէն հիւրընկալեցին Արէտ Թահմիզեանը, որ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 90-ամեակի այժմու յոբելենական շրջանի ծրագիրներուն նկատմամբ։

Իր կարգին, երգչախումբի անդամներուն ներկայութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ գնահատանքով ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ Արէտ Թահմիզեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024