ԼՈՒՐՋ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ

Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը արդէն բաւական հասունցուցած է Թոքաթլեան խանը աւելի արդիւնաւէտ արժեւորելու ծրագիրը։ Ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան յայտնեց, որ թաղային խորհուրդը պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ այս նիւթը։ Թոքաթլեան խանի ապագայ արժեւորման կապակցութեամբ երէկուան հոգեգալստեան տօնակատարութիւններու մթնոլորտին մէջ թաղային խորհուրդին կողմէ հրապարակուեցան մանրամասնութիւններ։ Աքսէլ Թոփալեան ընդգծեց, որ իրենք կը գիտակցին այս կալուածի նշանակութեան եւ ըստ այդմ արժեւորում մը կատարած են։ Թոքաթլեանի պարագային հիմնական նրբութիւնը այն է, որ խանի առաւելագոյն արժէք ներկայացնող հատուածը միայն Իսթիքլալ պողոտային յարած բաժինն է եւ այս մէկը ընդհանուր տարածութեան կամ մակերեսին բաւական փոքր տոկոսին կը համապատասխանէ։ Միւս հատուածներու վարձակալութիւնը կարելի չ՚ըլլար կազմակերպել արդիւնաւէտ եւ համայնքի ընդհանուր ակնկալութիւններուն յարիր ձեւով։ Այս բոլորը հաշուի առնելով թաղային խորհուրդը մշակած է նոր ծրագիր մը։

Աքսէլ Թոփալեանի խօսքով՝ Թոքաթլեան խանի առաջին երկու յարկերու՝ պողոտայի վրայի հատուածները պիտի արժեւորուին առանձին տրամաբանութեամբ։ Այնտեղ պիտի ստեղծուի երկյարկանի չորս մեծ խանութի տարածք, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ առաւելագոյն արդիւնքը քաղել։ Իսկ խանի վերի չորս յարկերը, որոնք առաւել չափով որպէս գրասենեակ վարձակալութեան տրուելու յարմարութիւնը ունին եւ սպասումները չեն արդարացներ, արդէն պիտի վերածուին պանդոկի մը՝ ինչպէս որ եղած է անցեալի մէջ։ Այսպէսով թաղային խորհուրդը գտած է եզր մը, որպէսզի Թոքաթլեանի համալիրը թէ՛ վերանորոգուի եւ թէ ամենաբարձր արդիւնաւէտութեամբ արժեւորուի ի նպաստ համայնքին։

Աքսէլ Թոփալեան երէկ ընդգծեց, որ թաղային խորհուրդի ջանքերով ամսուան կտրուածքով մուտքերը արդէն բազմապատկուած են։ Այսպէս, այժմու թաղային խորհուրդի պաշտօնի կոչուած պահու դրութեամբ վարձքերու հասոյթը կը կազմէր ամսական 70 հազար տոլար, իսկ ներկայիս արդէն բարձրացած է 170 հազար տոլարի մակարդակին։ Ատենապետ Թոփալեան շեշտեց, որ աստիճանաբար կը նախատեսեն այդ գումարը առաջին փուլին հասցնել 400 հազար տոլարի մակարդակին, իսկ աւելի հեռահար ձեւով ալ կայ մօտաւորապէս 5 միլիոն տոլարի բարձրացնելու հորիզոնը։ «Մեր այժմու մարտահրաւէրներէն մին է մուտքերը բարձր արժեզրկման դիմաց պահպանելը», ըսաւ Թոփալեան։

Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը Թոքաթլեան խանի արժեւորման աշխատանքները հետեւողականօրէն հետապնդելու զուգահեռ՝ հետամուտ է նաեւ եկեղեցապատկան միւս կալուածները լաւագոյնս արժեւորելու։ Այսպէս, եկեղեցւոյ յարակից «Նեւիզատէ» փողոցի՝ թիւով շուրջ 10 խանութները նախկին շրջանին երկարաժամկէտ վարձակալութեան տրուած են այնպիսի գիներով, որոնք հրապարակի այժմու իրադրութեան հետ կապ չունին։ Ուստի, թաղային խորհուրդը բոլոր ուղղութիւններով աշխատանք կը տանի այդ խանութներուն հասոյթը օրուան պայմաններուն համապատասխանեցնելու համար։ Խօսքը կը վերաբերի այդ կտրուածքով եկամուտը առնուազն տասնապատկելու։ Թաղային խորհուրդը այս հարցին շուրջ մէկ կողմէ կը ջանայ շինիչ երկխօսութեան մէջ մտնել այժմու վարձակալներուն հետ, միւս կողմէ ալ հաւանական յուսախաբութիւնները հաշուի առնելով՝ կարծիքը կը շօշափէ պաշտօնական շրջանակներու՝ քանի վարձակալութենէ որոշ ատեն մը վերջ տանտիրոջ համար իրաւունք կը ծնի սակագիներու վերանայում ապահովելու՝ ըստ այժմու օրէնսդրութեան։ Այս բարդ հաւասարակշռութիւններուն մէջ Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ջանք չի խնայեր՝ կալուածները բարձիթողի կացութենէն ազատելու համար։

Երէկ համայնքային շրջանակներուն ներկայացուած տեղեկութիւններուն մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էին նաեւ կալուածներու պարագային ձեռնարկուած դատական գործընթացները։ Այս նախաձեռնութիւններու ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ուշագրաւ էր, որ Տոլափտերէի մէջ անանտեսելի ծաւալով տարածքի մը սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու հնարաւորութիւնը ուրուագծուած է թաղային խորհուրդին առջեւ։ Իրաւական ընթացակարգի աւարտին հաւանական է, որ այդ տարածքին վրայ հասութաբեր շինարարութիւն մը կատարելու կարելիութիւնը ստեղծուի։

Թաղային խորհուրդը անցեալ շրջանին վերանորոգած է նաեւ եկեղեցւոյ հանդիպակաց շէնք մը։ Պալըքփազարի այդ կալուածը շատ երկար ժամանակ անտեսուած է թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այժմ վերանորոգուած այդ կալուածը ունի՝ որպէս պանդոկ կամ հիւրատուն արժեւորուելու հեռանկարը։ Ուստի, թաղային խորհուրդը կը ծրագրէ առցանց վարձակալութեան ձեւաչափին մէջ արժեւորել այդ շէնքը։ Այսպիսի հնարաւորութեան մը տիրանալու համար, անշուշտ, պատկան օրէնսդրութեամբ պահանջուած բոլոր կանոնները կը լրացուին եւ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կը կատարուին թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այսպէսով թաղային խորհուրդը արդէն ինքն իսկ կը կազմակերպէ սեփական կալուածին վարձակալութիւնը։ Երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագրեր կնքելու եւ բարձր գնաճի մթնոլորտին մէջ հասոյթները հալելէ փրկելու տեսակէտէ այստեղ կայ կարեւոր հնարաւորութիւն մը։ Այսպէսով, զբօսաշրջութեան եղանակային պայմաններու իրականութեան համապատասխան սակագներով այդ կալուածը արժեւորելու կարելիութիւնը խնդրոյ առարկայ պիտի դառնայ։

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 217-րդ տարեդարձի երէկուան տօնակատարութիւններուն ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ թաղային խորհուրդը յաջողած է առանց բացի պիւտճէ մը ունենալու կարգապահութիւնը հաստատել։ Ելքերու 80 տոկոսը կ՚ապահովուի վարձավճարներէն, 10 տոկոսը Շիշլիի գերեզմանատան նուիրատուութիւններու հասոյթէն եւ այս երկու ուղղութեամբ գոյացած առիւծի բաժնին վրայ կ՚աւելնան այլ միջոցներ։ Թաղային խորհուրդը այդ հասոյթի հիման վրայ պիւտճէի 32 տոկոսը կը յատկացնէ անձնակազմի ամսականներուն, 17 տոկոսը զանազան բնոյթի տուրքերու եւ 12 տոկոսն ալ կը տրամադրէ այլ թաղերու զօրակցելու համար։

Թաղային խորհուրդին կողմէ երէկ տեղեկացուեցաւ նաեւ, որ աշխատանքները ընթացքի մէջ են՝ երբեմնի Լուսաւորիչեան վարժարանի շէնքի արժեւորման համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2024