ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԼԻՑ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Երէկ իրիկուն խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Գարակէօզեան Տան շրջափակէն ներս. տղաքը իրենց վերջին հրաժեշտը կու տային դարաւոր կրթօճախին՝ այլ վարժարաններէ ներս շարունակելու համար իրենց ուսումը։ Երէկի շրջանաւարտութեան ճաշկերոյթին ներկայ էին Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր լծակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ Մոնէ, հաստատութեան բարերարները, յարակից մարմիններու անդամները։ Օրուան խօսնակներն էին Շահան Քիւչիւքպինկէօզ եւ Հելին Մենթեշէ։ Ձեռնարկի տեւողութեան տարբեր առիթներով իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Արուսեակ Քոչ Մոնէ, դասարանի ուսուցչուհի Մարի Արզուման։ Իր խօսքին մէջ, Տիգրան Կիւլմէզկիլ աւետեց սանուց միութեան նոր շէնքի շինարարութիւնը. ան յայտնեց, թէ սանուց միութիւնը պիտի ըլլայ մշակութային համալիր մը, ուր պիտի գտնուին նաեւ մարզասրահներ, թատերասրահ, դահլիճ եւ այլ բաժիններ։ Ան ի սպաս պիտի դրուի ո՛չ միայն Գարակէօզեանի, այլ համայնքի այլ վարժարաններու աշակերտներուն գործածութեան համար։ Կիւլմէզկիլ տեղեկացուց, թէ կը նախատեսուի աշխատանքները աւարտին հասցնել յաջորդ տարուան ընթացքին։ Կիւլմէզկիլ տեղեկացուց, թէ «Քէյ փլազա»ի իրենց պատկանող յարկաբաժիններուն մեծ մասը արդէն իսկ վարձուած է, իսկ մնացեալին համար ալ խնամակալութիւնը իր կարելին կ՚ընէ՝ ստանալու համար առաւելագոյն շահը։ Կիւլմէզկիլ սեղանակիցներուն յայտնեց, թէ յաջորդ տարեշրջանէն սկսեալ պիտի ձեռնարկուի նաեւ վարժարանի շէնքի նորոգութեան։
Յանուն շրջանաւարտներուն իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց Տիանա Քեմանէճի։ Բեմ առաւ նաեւ վարժարանի երգչախումբը՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Սուսմաքի խմբավարութեամբ, ինչպէս նաեւ պարախումբը՝ Թամար Քէշիշօղլուի մականին ներքոյ։ Հետաքրքրական էր ունկնդրել նաեւ հարուածայիններու համոյթի ելոյթը՝ Մերթ Տէմիրճիի ղեկավարութեամբ։
Շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին տղաքը ստացան իրենց վկայականներն ու պարգեւները։ Յատկապէս ի պատուի էին առաջին երեք կարգը գրաւած տղաքը՝ Քարլա Տէմիրճի, Տիանա Քեմանէճի եւ Ճան Պաղճը։
Հանդիսութիւնը իր գագաթնային կէտը ապրեցաւ, երբ պարտէզ բերուեցաւ կարկանդակը, զոր միասնաբար կտրեցին վարժարանին վարիչներն ու շրջանաւարտները։