ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ հրա­ժեշտ տրուե­ցաւ այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան պա­տուոյ հիւրն էր շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սին։ Ներ­կայ էին Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Էօ­տիւլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րա­պետ Մը­խա­լեան, տնօ­րէն Շա­հին Չը­նար, կրթա­կան մշակ­ներ, շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Յայ­տագ­րին շրջագ­ծով դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար ար­տա­սա­նե­ցին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քեր։ Ա­պա տղա­քը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը, մինչ ի­րենց յանձ­նուե­ցան նաեւ յու­շա­նո­ւէր­ներ։ Ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը ի­րենց հա­մար պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը հա­տե­ցին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին եւ միւս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ։ Վար­ժա­րա­նէն հրա­ժեշ­տի փու­լին ա­նոնք զուար­ճա­ցան միաս­նա­բար։

Միւս կող­մէ, Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ըն­տա­նի­քը վեր­ջերս ի­րա­կա­նա­ցուց նաեւ դաշ­տապ­տոյտ մը։ Բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ան­մո­ռա­նա­լի պտոյտ մը ե­ղաւ այս մէ­կը, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016