ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ
2015-2016 կրթական շրջանը հասաւ իր աւարտին։ Մեր վարժարաններու աշակերտները մեկնեցան ամրան արձակուրդի։ Մինչ այդ, այս մթնոլորտին մէջ, արդէն համայնքային կեանքէն ներս հետզհետէ արձագանգ կը գտնեն դպրոցներուն վերաբերեալ վարչական իրադարձութիւնները։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեր կարգ մը վարժարաններու պարագային տնօրէնի փոփոխութիւններ խնդրոյ առարկայ են։ Թէեւ տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւններ կատարուած չեն, սակայն համայնքային շրջանակներուն մօտ արդէն լսումներ կան տնօրէններու փոփոխութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Ներկայիս, ըստ էութեան, շրջանառութեան մէջ են չորս վարժարանի տնօրէնի փոփոխութեան շուրջ լսումներ։
ԴՊՐԵՎԱՆՔ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան յառաջիկայ տարի պիտի փոխանցէ իր հերթը։ Ան որոշած է ընտանեկան պատճառներով փոխանցել տնօրէնի պաշտօնը։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պաշտօնական կարգավիճակի վերահաստատումով այդ հաստատութենէն ներս սկսաւ նաեւ վերակառուցման շրջան մը։ Երկար տասնամեակներ վերջ գործի գլուխ եկաւ ընտրուած խնամակալութիւն մը։ Ակադեմական իմաստով այս շրջանի խորհրդանշանը եղած էր Արմէն Սարուխանեան, որ իր պաշտօնավարած ժամանակաշրջանին յաջողեցաւ նոր շունչ մը բերել Սուրբ Խաչ դպրեվանքին։ Կրթական շրջանի վերջին օրը դպրոցին մէջ աշակերտներն ու Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուած են իրեն՝ բարձր գնահատանք արտայայտելով իր ներդրած վաստակին համար։ Թէեւ խնամակալութիւնը տակաւին պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարած է, սակայն հաւանական է, որ յառաջիկայ տարի տնօրէնի պաշտօնը ստանձնէ Ժանէթ Աւետիքօղլու։
ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան եւս յառաջիկայ շրջանին պիտի փոխանցէ իր պաշտօնը։ Ան հանգստեան կը կոչուի տարիքի բերումով։ Վերջին տարիներուն, իր մականին ներքեւ Մայր վարժարանէն ներս ստեղծուեցաւ անանտեսելի շարժում մը թէ՛ կրթական աշխատանքի եւ թէ ընկերամշակութային գործունէութիւններու տեսակէտէ։
Ըստ անպաշտօն լսումներու, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յառաջիկայ տարի տնօրէնի պաշտօնը պիտի յանձնէ Թալին Նայիրի։
ԳԱԼՖԱԵԱՆ
Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Այտա Գայաէր յառաջիկայ տարի պիտի փոխանցէ իր պաշտօնը։ Խնամակալութիւնը որոշած է նման կարգադրութիւն մը ընել։ Ըստ մեր ունեցած անպաշտօն տուեալներուն, Գալֆաեան Տան նոր տնօրէնուհին պիտի ըլլայ Թամար Ներկիզ, որ միեւնոյն ժամանակ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տնօրէնուհին է։
ԵՇԻԼԳԻՒՂ
Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէն Ալէն Պիւյիւքէրն ալ յառաջիկայ կրթական շրջանին պիտի փոխանցէ իր պաշտօնը։ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ Ալէն Պիւյիւքէրի յարաբերութիւնները վերջին շրջանին արդէն մատնուած են փակուղիի, հետեւաբար գործնականօրէն անհրաժեշտ դարձած է տնօրէնի փոփոխութիւնը։ Թաղային խորհուրդը ներկայիս որոնումներու մէջ է՝ տնօրէնի թեկնածուներու շուրջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024