ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԵՑԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՎ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2015-2016 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան զանազան հանդէսներ, որոնք ամառնամուտի փուլին ոգեւորութեան առիթ հանդիսացան Ֆէրիգիւղի ամբողջ ընտանիքին տեսակէտէ։
Մանկապարտէզի փոքրիկներուն աւարտական հանդէսի կարգախօսն էր՝ «Մնաս բարով մանկապարտէզ»։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն ներկայութեամբ փոքրիկները գործադրեցին իրենց յայտագիրը, մինչ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Անոնք ապրեցան առաջին անգամ վիճակացոյց մը ստանալու յուզումը։
Առաջին դասարաններու Ընթերցման տօնը նոյնպէս արտասովոր խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ելոյթներով տղաքը արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Հանդէսի աւարտին առաջին դասարանի փոքրիկներուն համար հատուեցաւ կարկանդակ մը՝ քանի որ անոնք իրենց կրթական կեանքի առաջին տարեշրջանը բոլորելու ուրախութիւնը կ՚ապրէին։ Դպրոցի պատասխանատուները գիրքեր ալ նուիրեցին փոքրիկներուն ամրան արձակուրդի շրջանին անոնց ընթերցասիրութիւնը խրախուսելու սպասումով։
Միջնակարգի տղաքը անցեալ շաբթուան տեւողութեան հանդէս եկան թատերախաղերով, խմբերգներով, պարերով եւ արտասանութիւններով։ Այդ բոլորը ներկայացուեցան անցեալ տար-ւան տեւողութեան կատարուած արտադասարանային գործունէութիւններուն եւ ակումբային աշխատանքներուն արդիւնքին հիման վրայ։ Մէրա-մէթճեան վարժարանի միջնակարգի բաժնէն ներս պարգեւատրուեցան նաեւ այն աշակերտները, որոնք անցեալ կրթական շրջանին յաջողութիւն արձանագրած էին զանազան մրցոյթներու կամ մրցաշարքերու շրջագծով։