ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱՊԻ ԱՎՃԸ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մշակոյթի նախարար Նապի Ավճը անցեալ շաբաթավերջին իֆթարի սեղանի մը մասնակցեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ նախարարին առընթեր համախմբուեցան շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։ Մխիթարեան վարժարանի պատասխանատուները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլուի գլխաւորութեամբ՝ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նապի Ավճըն եւ միւս հիւրերը։ Ներկայ էին նաեւ Մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար եւ իր ընկերները եւ դպրոցի երեք տնօրէնուհիները՝ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան եւ  Քաթիա Վարկը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Պերճ Մենզիլճիօղլու եւ Նապի Ավճը։ Ի յիշատակ այս հաւաքոյթին Մենզիրճիօղլու նախարարին յանձնեց նաեւ յուշանուէր մը։

Իֆթարի այս սեղանը սարքուեցաւ Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ, որու յարակից բաժնէն ներս կ՚ընթանան լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներ, որոնց այս առթիւ բնականաբար ականատեսը դարձաւ նաեւ նախարար Նապի Ավճը։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017