ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 182-րդ տարեդարձին առթիւ։ Հակառակ կատարուած յայտարարութեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան առողջական պատճառներով չկրցաւ հանդիսապետել արարողութիւններուն։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան եւ Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը Ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան խօսեցաւ խրատական մը։ Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նիւթապէս եւ բարոյապէս եկեղեցւոյ սատարողներուն համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ սրահին մէջ պատուասիրեց հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018