ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ Մէրամէթճեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին։ Շրջանաւարտներուն ի պատիւ դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այս առթիւ օրհնեց շրջանաւարտները, որոնց փոխանցեց ապագայ յաջողութեան մաղթանքներ։

Հաւաքոյթին ներկայ էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան եւ թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։ Թէ՛ շրջանաւարտները եւ թէ անոնց ծնողները մեծ ոգեւորութեամբ համակուած էին հանդէսին ժամանակ։

Յայտագրի սկիզբին շրջանաւարտները վարժարանի քայլերգը երգեցին ու միասնաբար պարեցին։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Այլին Սանդալու։ Շրջանաւարտներուն անունով հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին՝ Լենա Սարըօղլու, Լիտիա Փոլատ եւ Նիքոլ Քարաքուշ։ Դասարանի ուսուցչուհի Աստղիկ Պալըքճըօղլու եւ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանն ալ հանդէս եկան շնորհաւորութեան խօսքերով։

Դպրոցի այս տարուայ առաջինն էր Լենա Սարըօղլու, որ մրցանակներ ստացաւ՝ ձեռամբ Մանուկ Էօղէրի եւ Աւետիս Հաճընլեանի։

Ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ալ շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց շրջանաւարտներուն համար, որոնք աւելի վերջ ունեցան հաճելի ժամանց։ Յառաջացած ժամերուն հատուեցաւ նաեւ ընթացաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։    

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019