ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Էլիզ Էօղրէթ, կրթական մշակներ, Պաքըրգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր համախմբուած էին շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ՝ մինչ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէս եկաւ շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։ Դափնեկիր շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած էին առանձին յուշանուէրներ։

Զանազան ելոյթներէ բաղկացեալ յայտագրի գործադրութեան աւարտին դպրոցի պարտէզին մէջ հատուեցաւ տղոց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շրջանաւարտութեան հանդէսէն օր մը վերջ ալ, Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» սրահին մէջ շրջանաւարտներուն համար սարքուեցաւ ընթրիք մը, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը եւ տղաքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առին Տատեան վարժարանէն՝ բարեմաղթութիւններ փոխանակելով իրարու հետ, նաեւ խոստանալով չխզել կապը Տատեանին եւ իրարու հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024