ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ՝ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻ ՈՒԽՏԻ ՇԱԲԱԹԸ ԱՌԱՆՁՆԱՑԱՒ

Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած ուխտի շաբաթը այս տարի անցաւ բացառիկ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ ուխտի շաբաթը, որ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի բացառիկ եռանդով կեանքի կոչուեցաւ։ Այս նախաձեռնութեան աջակցեցան նաեւ ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած կղզեաց թաղային խորհուրդը եւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասը։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան բազմակողմանի ծրագիր մը նախատեսած էր ուխտի շաբթուան առթիւ։ Ան յաջողած էր նաեւ կղզիի միւս հաստատութիւններն ալ շարժման անցընել, ինչ որ ծրագրի յաջողութեան գրաւականներէն մին հանդիսացաւ։ Այս բոլորին շնորհիւ, այս տարուան ուխտի շաբաթը իսկապէս առանձնացաւ նախորդներուն բաղդատմամբ։ Մեր համայնքի անդամները զանազան արարողութիւններու միջոցաւ կարողացան հաղորդ դառնալ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի խորհուրդին, իսկ ծրագրի ընկերային բնոյթով փուլերը ամրան շրջանին ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս կենսունակութեան մը առիթ դարձան։ Եօթն օրերու վրայ տարածուած ծրագրին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցին նոր սերունդին ուղղեալ նախաձեռնութիւնները, ինչ որ բոլորի գնահատանքին առարկայ դարձաւ։ Բացի Գնալըէն, դէպի միւս Իշխանաց կղզիները ուղղուած ջանքերն ալ առիթ դարձան, որ ուխտի շաբթուան ոգեւորութիւնը ըլլայ աւելի համատարած։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած տաղաւարի Սուրբ Պատարագէն եւ իր հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած խաղողօրհնէքէն վերջ ուխտի շաբթուան ծրագիրը եզրափակուեցաւ մեռելոցի արարողութիւններով։ Առաւօտուն հայր սուրբը պատարագեց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աւելի վերջ կղզիի գերեզմանատունէն ներս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021