ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՇՐՋԱՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) 2016-2017 շրջանի առաջին ժողովը։ Նոր եղանակի առաջին նիստը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Մեր հաստատութիւններու վարիչները քննարկեցին համայնքային հրատապ օրակարգի խնդիրները։ Ամրան արձակուրդի աւարտին, նոր եղանակի առաջին մատաղօրհնութեան ընդառաջ՝ համայնքային վարիչները նոր սկիզբ մը տուին իրենց գործունէութեան ու պարբերական խորհրդակցութիւններուն։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ժողովի սկիզբին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աշխատանքային նոր շրջանի մը սեմին, խորքին մէջ, սա նաեւ ներածական մըն էր։ Շիրինօղլու կանգ առաւ մեր համայնքային կեանքէն ներս եկեղեցի-դպրոց-մամուլ առանցքին վրայ յառաջացած շարք մը բարդութիւններուն վրայ։ Որոշ կէտերու շուրջ իր վրդովմունքը արտայայտելով՝ Պետրոս Շիրինօղլու անդրադարձաւ այդ առանցքի յարաբերութիւններուն մէջ ծագած խցանումներուն։ Ան քննադատեց նաեւ այն անձերն ու շրջանակները, որոնք օգուտ կը քաղեն համայնքին միջոցաւ։ Իր խօսքերով, այսօր այլեւս պէտք է համախմբուիլ, ըլլալ միասնական ու տէր կանգնիլ մեր համայնքին, անոր ապագային։ Շիրինօղլու մատնանշեց, որ համայնքապատկան կալուածներու արժեւորման ճանապարհին վրայ մեր հաստատութիւնները վերջին շրջանին դարձեալ դէմ յանդիման կը մնան արգելքներու կամ խոչընդոտներու։ Տնտեսական կեանքի դժուարութիւններուն հետեւանքով՝ ներկայիս մեր հաստատութիւններուն կալուածներէն ունեցած հասոյթը կը նուազի։ Շիրինօղլու հրատապ համարեց նաեւ համայնքային շարք մը վարժարաններու միացման հարցը։ Ան համոզուած է, որ համայնքի ներկայ վարիչները պէտք է անհրաժեշտ գետինը պատրաստեն՝ ապագան վստահելու կամ փոխանցելու համար երիտասարդներուն։ Շիրինօղլու մատնանշեց նաեւ, որ պետութիւնը դրական վերաբերմունք ունի մեր համայնքին նկատմամբ եւ կ՚աջակցի անոր։ Հետեւաբար, համայնքն ալ այդ վերաբերմունքին պէտք է փոխադարձէ պատշաճօրէն ու շրջահայեացութեամբ։
Ժողովի տեւողութեան արծարծուած հիմնական հարցերէն մին էր համայնքային առկախեալ ընտրութիւնները։ Ըստ Շիրինօղլուի, այսօր մեր համայնքային ընտրութիւնները իրականացնել կարելի չ՚ըլլար առաւել չափով չորս հաստատութիւններու վերաբերեալ հաւասարակշռութիւններուն բերումով։ Այդ հաստատութիւններն են՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, Գարակէօզեան տունը, Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Պէյօղլուի եկեղեցիները։ Թէ ինչպիսի՞ նոր հաւասարակշռութիւններ կրնան ստեղծուիլ այդ կառոյցներու ղեկավարութեանց վերաձեւաւորման փուլին։ Այս հարցման պատասխանը պղտոր է։ Տրամաբանական սահմաններէ դուրս մրցակցութիւններ առկայ են։ Այդ վարչական խորհուրդները կը տնօրինեն հսկայական համայնքային հարստութիւն։ Հետեւաբար, անոնց վերաբերեալ հեռանկարներուն այս աստիճան յստակութենէ հեռու մնալը, ըստ Շիրինօղլուի, կը դժուարացնէ ընտրական թոյլտուութեան հասնիլը։ «Եթէ այս չորս կառոյցները մնան դուրսը, ապա միւսները շուտով կ՚ունենան արտօնութիւն», ըսաւ ատենապետը։
Այս նիւթին շուրջ արտայայտուեցաւ նաեւ Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան՝ յիշեցնելով, որ ընտրութեան հարցը չ՚առընչուիր միայն մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններուն։ Արդարեւ, համայնքը ունի նաեւ պատրիարքական ընտրութեան խնդիր։ Աւելի՛ն, համայնքը ունի նաեւ Կրօնական ժողովի ընտրութեան խնդիր։ Ան մատնանշեց, որ մեր նախընթացներով՝ պատրիարքական ընտրութեան համար երբ գումարուի Ազգային պատգամաւորական ժողովը, պատրիարքին առընթեր կ՚ընտրէ նաեւ Կրօնական ժողովը։ Էօզսահակեան պնդեց, որ ներկայիս Կրօնական ժողովը օրինական չէ, ուստի անվաւեր են նաեւ իր որոշումները, որովհետեւ Կրօնական ժողովին բոլոր անդամները նշանակուած են։ Նշանակեալ անդամներով Կրօնական ժողով մը չի կրնար ունենալ վաւերական ուժ։ Նազարէթ Էօզսահակեան աւելցուց, որ դարձեալ շփման մէջ պէտք է անցնիլ Իսթանպուլի կուսակալութեան հետ, միեւնոյն ժամանակ հասարակական կազմակերպութիւններու գործելաոճը պէտք է ընդօրինակել՝ պետական պատկան լծակները շարժման անցընելու համար։
Այս դիտարկումներուն եւ խորհրդածութիւններուն լոյսին տակ Պետրոս Շիրինօղլու ըսաւ. «Յանցանքը պէտք է մեր մէջ փնտռենք։ Մեր համայնքը այսօր լրիւ պառակտուած հաւաքականութեան մը տպաւորութիւնը կու տայ բոլորին։ Աւելի քան եօթ տարի ժամանակ անցած է այս խնդրին վրայէն։ Ժամանակը արժէք կը ներկայացնէ բոլորիս համար, սակայն մենք ոչինչ կ՚ընենք»:
Ընտրութիւններու հարցին շուրջ արտայայտուեցաւ նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ եւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան։ Իր բացատրութիւնները համայնքային հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցի վերջին փուլին շուրջ նորութիւններ կը պարփակէին։ Արդարեւ, վերջին տարիներուն բոլոր ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքները այս հարցը յաղթահարելու համար որդեգրած էին միասնական ընթացք մը։ Այդ դիրքորոշումը հասկնալի էր, որովհետեւ բոլորին համար հասարակաց հարց մըն է այս մէկը։ Ատենապետներու մակարդակով առնուած որոշման մը հիման վրայ ընդունուած էր ճանապարհային քարտէս մը, որու շրջագծով նախատեսուած քայլերը յառաջ կը տարուէին աստիճանաբար։ Յետոյ, սակայն, դժբախտաբար, երկրէն ներս արտասովոր պայմաններ ծագեցան։ Ահաբեկչական արարքները ահագնացան։ Ալճան յիշեցուց, որ բոլորովին վերջերս ալ տեղի ունեցաւ պետական հարուածի դաւադիր փորձը։ Ուրեմն, ներկայիս մթնոլորտը յարմար չէ այս հարցի լուծման ուղղութեամբ զարգացում արձանագրելու տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, Ալճան աւելցուց, որ պետութեան պարագային հետեւողականութիւնը հիմնական կը համարուի եւ փոքրամասնական համայնքներուն բոլոր հարցերուն լուծման հետապնդումը պիտի շարունակուի, երբ վերստին բարենպաստ կլիմայ մը ստեղծուի։
Այս բոլորէն վերջ, Թորոս Ալճան խօսեցաւ բոլորովին նոր ու կարեւոր իրադարձութեան մը մասին։ Արդարեւ, հրեայ համայքը որոշած է դուրս գալ բոլոր փոքրամասնական համայնքներու հասարակաց պայքարի հարթակէն։ Հրէից վարչական խորհուրդը վերջերս միաձայնութեամբ առած է համապատասխան որոշում մը։ Այս մասին Թուրքիոյ հրեայ համայնքի նախագահ Իսհակ Իպրահիմզատէհ տեղեակ պահած է Թորոս Ալճանը։ Ըստ իր փոխանցած տեղեկութիւններուն, հրեայ համայնքը պետութեան պիտի դիմէ՝ ընտրութեան արտօնութիւն ստանալու նպատակով, մէկ անգամուան համար ըստ ջնջուած կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն։ Պատճառաբանութիւնը այն է, որ հրեայ համայնքը կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։ Գաղթի լուրջ ալիքի մը հետեւանքով համայնքի անդամներուն թիւը իջած է մինչեւ տասներկու հազարի մակարդակին։ Համայնքին անդամները չեն փափաքիր դառնալ վարիչներ, նոյնիսկ ներկայ վարիչները կը հրաժարին հաւաքաբար։ Հրեայ համայնքը, նոյնիսկ, յոյներուն նման, կը ծրագրէ մէկէ աւելի հաստատութիւններու համար հասարակաց ղեկավարութիւններ ստեղծել։
Մինչ Ալճան ներկայացուց հրեայ համայնքին այս հիմնաւորումները, VADİP-ի ժողովականներուն մօտ ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ հին կանոնադրութեան հիման վրայ ընտրութիւն մը կազմակերպելու համար հրեայ համայնքը արդէն ունեցած է կանաչ լոյս մը՝ պատկան մարմիններէն։
Թորոս Ալճան խօսեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի վերաբերեալ հարցերուն շուրջ եւ այս ծիրին մէջ քննադատեց ամրան ամիսներուն թողուած սեւ ծաղկեպսակը։ Մեր վարժարաններէն ոմանց միացման նիւթին շուրջ ալ խորհրդածելով՝ Ալճան ընդգծեց, որ խնդիրը միայն ելմտական չէ։ Առաջին հերթին հարցը կը վերաբերի մեր վարժարաններու արդիւնաւէտութեան։ «Նոր վիճակներու համահունչ նոր լուծումներ պէտք է գտնենք», ըսաւ ան։
ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ
Երէկուան ժողովին ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ Պատրիարքարանը աշխատանքի ձեռնարկած է՝ խորհրդակցական մարմին մը ստեղծելու համար։ Մինչեւ Հոկտեմբերի 10-ը VADİP պիտի ներկայացնէ իր կողմէ թեկնածուներ։