ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։

Այս տարի Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը նախատեսուած է 8 Հոկտեմբերին։ Հետեւաբար, տարեկան աւանդական հանգանակութեան ընդառաջ, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները Պատրիարքարան այցելեցին եւ տեղապահ սրբազան հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց կողմէ ծաւալուած գործունէութեան կապակցութեամբ։ Թաղականները նորին սրբազնութեան նկատառման յանձնեցին, թէ՛ դպրոցի ներկայ կացութեան եւ թէ ընդհանրապէս թաղի վիճակին շուրջ։ Անոնք կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն համար խնդրեցին նաեւ Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ջերմօրէն ողջունեց Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց իր նկատառման յանձնուած բազմակողմանի տեղեկութիւններուն համար։ Սիրով ընդառաջելով թաղային խորհուրդի հովանաւորութեան խնդրանքին՝ տեղապահ սրբազան հայրը կարողութիւն մաղթեց թաղականներուն, օրհնեց Գումգաբուի ընտանիքին կողմէ տարուած աշխատանքը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017