ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Գումգաբուի ընտանիքը ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկած է՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի սեմին։ Երէկ երեկոյեան, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Պէզճեան սրահին մէջ համայնքային շրջանակներէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տրուեցաւ սիրոյ սեղանի պատրաստական աշխատանքներուն մեկնարկը։ Բազմաթիւ ազգայիններ այս առթիւ համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ։ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան ներկաները, որոնց խօսք ուղղեցին թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ անդամներէն Մուրատ Շիրին։ Ատենապետ Մոսկոֆեան անդրադարձաւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընդհանուր գործունէութեան, իսկ Մուրատ Շիրին մանրամասնութիւններ ներկայացուց պիւտճէին շուրջ։ Հաւաքոյթի մասնակիցները վերահասու դարձան, թէ Պէզճեան Մայր վարժարանի պիւտճէի բացը կը հասնի 939 միլիոն լիրայի սահմանին։

Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս առթիւ զօրակցութեան կոչ ուղղեց համայնքային շրջանակներուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018