ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԶԱՆԳԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ 2022-2023 կրթական շրջանը սկիզբ առած է մեծ խանդավառութեամբ։ Վերամուտը առիթ դարձաւ, որ աշակերտներն ու կրթական մշակները վերստին դպրոցի ճամբան բռնեն՝ յանուն լուսաւոր ապագայի։ Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան տօնը մասնաւոր զգացումներ առթեց առաջին դասարանցիներուն, որոնք տակաւին նոր գրել-կարդալ պէտք է սորվին։ Դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան այս առթիւ շնորհաւորեց բոլոր սաները, անոնց ծնողները, նաեւ ուժ ու եռանդ մաղթեց ուսուցչական կազմին։

«Հրանդ Տինք» դպրոցի անցեալ տարուան շրջանաւարտները, որոնք Հայաստան մեկնած էին՝ շարունակելու համար ուսումը, արդէն ստացած են հիմնական դպրոցի իրենց վկայականները։ Անցեալ տարուան ինն շրջանաւարտներէն ութը արդէն կը շարունակեն իրենց կրթութիւնը զանազան հաստատութիւններու մէջ։ Բաց աստի, դպրոցի՝ Հայաստանի լիսէներէն շրջանաւարտ աշակերտներն ալ արդէն կը շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումը։ Հարկ է նշել, որ շրջանաւարտներու յաջողութեան վերաբերեալ լուրերը արտասովոր խանդավառութեան առիթ կը դառնան դպրոցին մէջ։

Նոր ուսումնական շրջանի սկիզբին առթիւ «Հրանդ Տինք» վարժարանի տնօրէնութիւնը կ՚ընդգծէ իր երախտագիտութիւնը Պատրիարքական Աթոռին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, համայնքային մամուլին, զանազան բարենպատակ հաստատութիւններուն եւ այն անհատ բարերարներուն  նկատմամբ, որոնք իրենց զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն՝ մասնաւոր առաքելութեամբ այս դպրոցը։ Միեւնոյն ժամանակ, տնօրէնութիւնը առանձին երախտագիտութիւն կը յայտնէ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլին նկատմամբ, որ կամաւոր հոգաբարձութիւնը եւ տարիներէ ի վեր մղիչ ուժը կը հանդիսանայ այս հաստատութեան կայուն գոյատեւման ճանապարհին տարուած պայքարին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022